ԵՐԵՒԱՆ — Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին լման շրջափակումը, որ սկսած է 12 Դեկտեմբեր 2022-ին՝ կոպտօրէն ոտնահարելով 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Լաչինի միջանցքին համար սահմանուած ռեժիմը, եւ փակելով Արցախը Հայաստանի ու աշխարհի մնացած մասին կապող կեանքի ուղին, լուրջ գոյութենական սպառնալիք յառաջացուցած է հոն բնակող մօտաւորապէս 120,000 հայերուն համար։ Այսպիսով՝ Ազրպէյճան գոնէ հիմք կը ստեղծէ բռնի տեղահանութեան համար՝ այդպիսով կատարելով ցեղային զտման յստակ քաղաքականութիւն։
Արցախի բնակչութիւնը պատանդ կը մնայ երկրի մը ձեռքը, որ թէեւ կը ձգտի Եւրոպային մօտ ըլլալ, սակայն նման գործողութիւններով կոպտօրէն կը խախտէ եւ կ՚անտեսէ համընդհանուր քաղաքակրթական արժէքները։
Լաչինի միջանցքի երկարատեւ շրջափակումը յանգեցուցած է մարդասիրական ճգնաժամի աճի, որ կրնայ վերածուիլ մարդասիրական աղէտի։ Հիմնական ապրանքներու, սննդամթերքի եւ դեղերու պակասը շօշափելի դարձած է։ Փաստօրէն, Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը զրկուած է տեղաշարժի ազատութեան իրաւունքէն. հազարաւոր մարդիկ, անոնցմէ ներառեալ երեխաներ, անօթեւան մնացած են ցուրտ ձմրան ամիսներուն ընթացքին, եւ շատ ընտանիքներ ստիպուած են բաժնուիլ՝ գտնուելով շրջափակման տարբեր կողմերուն վրայ։
Ազրպէյճան պարտաւոր է անհապաղ դադրեցնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ, իր պարտաւորութիւններուն համաձայն, երաշխաւորել Արցախի բնակիչներուն ազատ տեղաշարժը եւ ապահովել փոխադրամիջոցներու ու բեռներու երթեւեկը այս կեանքի ուղիով։
Կը կոչ ընենք առաջադէմ մարդկութեան եւ համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ բոլոր ջանքերը գործադրել հնարաւոր նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու եւ Արցախի բնակչութեան բոլոր հիմնական իրաւունքները պաշտպանելու համար։
Կը կոչ ընենք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարին, այլ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ շահագրգիռ պետութիւններուն՝ անհապաղ ջանքեր գործադրել Ստեփանակերտի օդակայանը գործարկելու եւ Արցախի բնակչութեան արտակարգ մարդասիրական օգնութիւն օդով հասցնելու երաշխիքներ ստեղծելու համար։
Կը վերահաստատենք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի շարունակական յանձնառութիւնը իր առաքելութեան հանդէպ, որ ամբողջութեամբ հիմնուած է համընդհանուր արժէքներու եւ մարդասիրական սկզբունքներու վրայ։