Արցախցիներու հարցը պէտք է լուծում ստանայ Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութեան միջոցով. Ռուբինեան

ՀՀ իշխանութիւնը կը համարէ, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ու անվտանգութեան հարցը պէտք է լուծում ստանայ, հակառակ պարագային այդ կը նշանակէ Արցախի հայաթափում կամ Արցախի ժողովուրդի ցեղասպանութիւն։ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։ Յայտնած էինք, որ ընդդիմադիրներու հրաւէրով Ազգային Ժողովէն ներս արտահերթ նիստ կը կայանայ, որուն նաեւ իշխող ուժի պատգամաւորները կը մասնակցին։ Նիստի օրակարգին մէկ հարց կար` կ’ուզեն ԱԺ-ն յայտարարութիւն ընդունի ի պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ 8 նոյեմբեր 2022-ի յայտարարութեան։ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան ներկայացուած էր, թէ իրենց առաջարկած յայտարարութեան որ դրոյթներու հետ համաձայն չեն իշխանականները։ «Մենք համարում ենք, որ Արցախի ժողովրդի իրաւունքների ու
2 Դեկտեմբերի 2022
6 ր. ընթերցում
Արցախցիներու հարցը պէտք է լուծում ստանայ Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութեան միջոցով. Ռուբինեան

ՀՀ իշխանութիւնը կը համարէ, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ու անվտանգութեան հարցը պէտք է լուծում ստանայ, հակառակ պարագային այդ կը նշանակէ Արցախի հայաթափում կամ Արցախի ժողովուրդի ցեղասպանութիւն։ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։

Յայտնած էինք, որ ընդդիմադիրներու հրաւէրով Ազգային Ժողովէն ներս արտահերթ նիստ կը կայանայ, որուն նաեւ իշխող ուժի պատգամաւորները կը մասնակցին։

Նիստի օրակարգին մէկ հարց կար` կ’ուզեն ԱԺ-ն յայտարարութիւն ընդունի ի պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ 8 նոյեմբեր 2022-ի յայտարարութեան։ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան ներկայացուած էր, թէ իրենց առաջարկած յայտարարութեան որ դրոյթներու հետ համաձայն չեն իշխանականները։

«Մենք համարում ենք, որ Արցախի ժողովրդի իրաւունքների ու անվտանգութեան հարցը կարող է լուծում ստանալ Պաքու-Ստեփանակերտ ուղիղ բանակցութիւնների միջոցով՝ միջազգային մեխանիզմի մասնակցութեամբ»,-ըսած է Ռուբինեան։

Անոր խօսքով` իրենք կը համարեն նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք, որու մէկ մասը բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Ուստի, ատրպէյճանական զօրքերը պիտի անյապաղ ու առանց որեւէ նախապայմանի ետ քաշուին այդտեղէն։

Ռուբինեանի խօսքով` այս երեք կէտերն են պատճառը «Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկած յայտարարութեան նախագծի հետ անհամաձայնութեան, քանի որ այդ յայտարարութիւնը ընդունելով՝ իրենք կը հակասեն վերոյիշեալ երեք կէտերուն։

«Կարծում եմ` իմ նշած երեք կէտերը (Արցախի ժողովրդի իրաւունք, Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւն, Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներ,–խմբ.) դուք չէք համարի դաւաճանական, թրաքահաճոյ, թրքաբարոյ»,–ըսած է Ռուբինեան։

Ան յիշեցուցած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ նշած է քաղաքական փոփոխութիւն մը` ոչ թէ Արցախի կարգավիճակէն պէտք է բխեցնել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, այլ հակառակը։

«Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութեան նախագիծը չընդունուեցաւ
Նախորդ նիւթը

«Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութեան նախագիծը չընդունուեցաւ

ՄԱՀԱԶԴ. Ընկ. Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեան
Յաջորդ նիւթը

ՄԱՀԱԶԴ. Ընկ. Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեան

ԱնցնիլՎեր