«Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութեան նախագիծը չընդունուեցաւ

Հայաստանի խորհրդարանը չընդունեց Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ 8 նոյեմբեր 2022-ի յայտարարութեան ի պատասխան յայտարարութիւնը։ 31 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով յայտարարութիւնը չընդունուեցաւ։ Իշխանական պատգամաւոր Էտուարտ Աղաջանեան նշեց, որ այսօր տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ հնչած միտքերը հիմնաւորապէս ուրուագծած են այն պատկերացումներն ու անոնց տարբերութիւնները, որոնք առկայ են ընդդիմադիրներու եւ Քաղաքացիական պայմանագրի միջեւ։ Նշենք, որ ընդդիմադիրներու հրաէրով Ազգային Ժողովէն ներս արտահերթ նիստ կայացաւ, որուն նաեւ իշխող ուժի պատգամաւորները մասնակցեցան։ Նիստի օրակարգը մէկ հարց է` ԱԺ-ի յայտարարութիւն ի պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ 8 նոյեմբեր 2022-ի յայտարարութեան։ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան ներկայացուցած էր, թէ իրենց առաջարկած յայտարարութեան որ դրոյթներու հետ համաձայն չեն իշխանականները։
2 Դեկտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
«Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութեան նախագիծը չընդունուեցաւ

Հայաստանի խորհրդարանը չընդունեց Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ 8 նոյեմբեր 2022-ի յայտարարութեան ի պատասխան յայտարարութիւնը։

31 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով յայտարարութիւնը չընդունուեցաւ։

Իշխանական պատգամաւոր Էտուարտ Աղաջանեան նշեց, որ այսօր տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ հնչած միտքերը հիմնաւորապէս ուրուագծած են այն պատկերացումներն ու անոնց տարբերութիւնները, որոնք առկայ են ընդդիմադիրներու եւ Քաղաքացիական պայմանագրի միջեւ։

Նշենք, որ ընդդիմադիրներու հրաէրով Ազգային Ժողովէն ներս արտահերթ նիստ կայացաւ, որուն նաեւ իշխող ուժի պատգամաւորները մասնակցեցան։ Նիստի օրակարգը մէկ հարց է` ԱԺ-ի յայտարարութիւն ի պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ 8 նոյեմբեր 2022-ի յայտարարութեան։

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան ներկայացուցած էր, թէ իրենց առաջարկած յայտարարութեան որ դրոյթներու հետ համաձայն չեն իշխանականները։

Հրաժեշտի ձեռնարկ
Նախորդ նիւթը

Հրաժեշտի ձեռնարկ

Արցախցիներու հարցը պէտք է լուծում ստանայ Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութեան միջոցով. Ռուբինեան
Յաջորդ նիւթը

Արցախցիներու հարցը պէտք է լուծում ստանայ Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութեան միջոցով. Ռուբինեան

ԱնցնիլՎեր