Հրաժեշտի ձեռնարկ

Հարաւային Լիբանանի մէջ գործող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերու՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի շարքերուն մէջ ծառայող հայկական գունդի ծառայութեան  ժամանակաշրջանի աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կազմակերպեց ողջերթի ձեռնարկ մը: Ձեռնարկը նուիրուած էր հայկական գունդի անդամներուն, որոնք ծառայեցին Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանումին համար: Ներկայ էին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները եւ հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու ատենապետները: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան եւ Վաչէ Տօներեան ներկայացուցին կուսակցութիւնը այդ ձեռնարկին: Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ բոլոր ներկայացուցիչները իրենց սիրտի խօսքը արտասանեցին եւ ողջերթ մաղթեցին հայ զինուորականներուն: Հայկական բանակի գունդերը, որոնք կը ծառայեն Միջին Արեւելքի
2 Դեկտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Հրաժեշտի ձեռնարկ

Հարաւային Լիբանանի մէջ գործող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերու՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի շարքերուն մէջ ծառայող հայկական գունդի ծառայութեան  ժամանակաշրջանի աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կազմակերպեց ողջերթի ձեռնարկ մը: Ձեռնարկը նուիրուած էր հայկական գունդի անդամներուն, որոնք ծառայեցին Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանումին համար:

Ներկայ էին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները եւ հայ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու ատենապետները: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան եւ Վաչէ Տօներեան ներկայացուցին կուսակցութիւնը այդ ձեռնարկին: Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ բոլոր ներկայացուցիչները իրենց սիրտի խօսքը արտասանեցին եւ ողջերթ մաղթեցին հայ զինուորականներուն:

Հայկական բանակի գունդերը, որոնք կը ծառայեն Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ ժողովուրդի դրական դէմքն են եւ կը բարձրացնեն հայու վարկն ու պատիւը աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու առջեւ: Փառք ու պատիւ հայ զինուորին, որ այդ սրբազան առաքելութիւնը կը կատարէ:

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Լիբանանի Տեղեկատուական Գրասենեակ

Ատրպէյճանի առաւելապաշտական նկրտումները կը նպաստեն կացութեան սրացման հաւանականութեան բարձրացման․ Միրզոյեան՝ Պորելին
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի առաւելապաշտական նկրտումները կը նպաստեն կացութեան սրացման հաւանականութեան բարձրացման․ Միրզոյեան՝ Պորելին

«Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութեան նախագիծը չընդունուեցաւ
Յաջորդ նիւթը

«Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութեան նախագիծը չընդունուեցաւ

ԱնցնիլՎեր