Աւելի քան 200 ուխտաւոր այցելեած է Արցախի Ամարաս վանական համալիր

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները ապահոված են աւելի քան 200 ուխտաւորներու անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի սահմանազատման գիծի մօտ գտնուող Ամարաս վանական համալիր այցելելու ժամանակ, յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն: «Այս համալիրը կը գտնուի սահմանազատման գիծի մօտ, ուստի անհրաժեշտ է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութիւնը», — ըսած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչ Տանիիլ Նիքիթինը: Ռուս խաղաղապահները ուղեկցած են Ստեփանակերտէն Մարտունիի շրջան ժամանած ուխտաւորներուն, որոնք ներկայ եղած էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վանքին մէջ մատուցուած պատարագին: Յիշեցնենք, որ 10 Նոյեմբեր 2020-ին եռակողմ համաձայնագրի ստորագրման հետեւանքով վանքը մնացած է Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութեան տակ գտնուող շփման գիծին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ: Ռուս խաղաղապահները ամէն օր կը
17 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Աւելի քան 200 ուխտաւոր այցելեած է Արցախի Ամարաս վանական համալիր

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները ապահոված են աւելի քան 200 ուխտաւորներու անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի սահմանազատման գիծի մօտ գտնուող Ամարաս վանական համալիր այցելելու ժամանակ, յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն:

«Այս համալիրը կը գտնուի սահմանազատման գիծի մօտ, ուստի անհրաժեշտ է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութիւնը», — ըսած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչ Տանիիլ Նիքիթինը:

Ռուս խաղաղապահները ուղեկցած են Ստեփանակերտէն Մարտունիի շրջան ժամանած ուխտաւորներուն, որոնք ներկայ եղած էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վանքին մէջ մատուցուած պատարագին:

Յիշեցնենք, որ 10 Նոյեմբեր 2020-ին եռակողմ համաձայնագրի ստորագրման հետեւանքով վանքը մնացած է Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութեան տակ գտնուող շփման գիծին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ: Ռուս խաղաղապահները ամէն օր կը հսկեն վանքը, որուն վրայ տեղադրուած է Ռուսաստանի դրօշը, անոնք կ’ուղեկցին Ստեփանակերտէն ժամանած ուխտաւորներուն:

Թուրքիոյ մէջ ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է 77-ի
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ մէջ ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է 77-ի

Հայաստանը պիտի պաշտպանէ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը. ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը պիտի պաշտպանէ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը. ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր