Աւստրիոյ խորհրդարանը վաւերացուց ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը

Երէկ՝ 29 մայիսին, Աւստրիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ազգային խորհուրդը 34-րդ լիագումար նիստի ընթացքին միաձայն վաւերացուցած է ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։ Վաւերացման նախորդած քննարկումներու ընթացքին Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Կուտրուն Քուկլեր (ԱԺԿ/ÖVP) իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատած է վերջին ժամանակներս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւնները՝ նշելով, որ Հայաստանը եւ Աւստրիան կը կիսեն քրիստոնէական նոյն արժեհամակարգը, եւ Համաձայնագրի վաւերացումը հնարաւորութիւն կու տայ աւելի զարգացնել երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւնները: Ընդգծած է, որ Համաձայնագիրը ունի մեծ նշանակութիւն Եւրամիութեան եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան իրաւական ամուր հիմք ստեղծելու գործին համար: Նշած է նաեւ, որ Համաձայնագիրը
30 Մայիսի 2020
4 ր. ընթերցում
Աւստրիոյ խորհրդարանը վաւերացուց ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը

Երէկ՝ 29 մայիսին, Աւստրիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ազգային խորհուրդը 34-րդ լիագումար նիստի ընթացքին միաձայն վաւերացուցած է ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Վաւերացման նախորդած քննարկումներու ընթացքին Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Կուտրուն Քուկլեր (ԱԺԿ/ÖVP) իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատած է վերջին ժամանակներս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւնները՝ նշելով, որ Հայաստանը եւ Աւստրիան կը կիսեն քրիստոնէական նոյն արժեհամակարգը, եւ Համաձայնագրի վաւերացումը հնարաւորութիւն կու տայ աւելի զարգացնել երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւնները: Ընդգծած է, որ Համաձայնագիրը ունի մեծ նշանակութիւն Եւրամիութեան եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան իրաւական ամուր հիմք ստեղծելու գործին համար: Նշած է նաեւ, որ Համաձայնագիրը կրնայ նպաստել ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման: Այն հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ բարելաւելու ներդրումային եւ գործարար միջավայրը, որմէ կ’օգտուին հայկական եւ եւրոպական ձեռնարկութիւնները՝ այդ շարքին փոքր եւ միջին ձեռնարկատէրերը:

Համաձայնագրի վաւերացման աջակցութեան ելոյթով հանդէս եկած են նաեւ Աւստրիոյ ԱԳ նախարար Ալեքսանտր Շալլենպըրկը, Աւստրիոյ խորհրդարանի արտաքին քաղաքական հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Փամելա Ռենտի-Վակները (Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն/SPÖ), ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ ազատական կուսակցութեան/FPÖ, Կանաչներ/Grüne, Նոր Աւստրիա/NEOS խմբակցութիւններու անդամները:

«ԱՄՆ-ի կողմէ ֆինանսաւորուող կայքը Հայաստանի մէջ ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ COVID-19-ի մասին». openDemocracy (Տեսանիւթ)
Նախորդ նիւթը

«ԱՄՆ-ի կողմէ ֆինանսաւորուող կայքը Հայաստանի մէջ ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ COVID-19-ի մասին». openDemocracy (Տեսանիւթ)

In Quest Of The Magnificence Of The Armenian Apostolic Church. Announcement
Յաջորդ նիւթը

Փնտռելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Փառահեղութիւնը. Յայտարարութիւն

ԱնցնիլՎեր