Փնտռելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Փառահեղութիւնը. Յայտարարութիւն

Սուրբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ իր իւրայատուկ եւ անփոխարինելի տեղը հայ իրականութեան մէջ, որովհետեւ անիկա անվիճելիօրէն մեր ազգային ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկն է։ Դարեր շարունակ անիկա ո՛չ միայն մեզի պարգեւած է կենսական հոգեւոր առաջնորդութիւն, այլեւ բացառիկ հարուստ մշակոյթ։ Երբ թշնամիները մեզ զրկած են պետականութենէ եւ փորձած են ստրկացնել մեզ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին է, որ մեզի ներշնչած է անսասան քրիստոնէական հաւատք, գոյութեան շարունակութեան յոյս, ինչպէս նաեւ գոյապայքարի մղում եւ մոտիվացիա։ Մեր ազգային հասկացողութեան մէջ, մեր սուրբ եկեղեցին ունի այս ամենախորհրդավոր դերը եւ տեղը։ Հենց այս պատճառով ալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարօրութիւնը եւ մաքրութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան առաջնահերթ
30 Մայիսի 2020
11 ր. ընթերցում
In Quest Of The Magnificence Of The Armenian Apostolic Church. Announcement

Սուրբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ իր իւրայատուկ եւ անփոխարինելի տեղը հայ իրականութեան մէջ, որովհետեւ անիկա անվիճելիօրէն մեր ազգային ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկն է։ Դարեր շարունակ անիկա ո՛չ միայն մեզի պարգեւած է կենսական հոգեւոր առաջնորդութիւն, այլեւ բացառիկ հարուստ մշակոյթ։ Երբ թշնամիները մեզ զրկած են պետականութենէ եւ փորձած են ստրկացնել մեզ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին է, որ մեզի ներշնչած է անսասան քրիստոնէական հաւատք, գոյութեան շարունակութեան յոյս, ինչպէս նաեւ գոյապայքարի մղում եւ մոտիվացիա։

Մեր ազգային հասկացողութեան մէջ, մեր սուրբ եկեղեցին ունի այս ամենախորհրդավոր դերը եւ տեղը։ Հենց այս պատճառով ալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարօրութիւնը եւ մաքրութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան առաջնահերթ մտահոգութիւններուն մէջ են։ ՌԱԿ-ի սկզբունքներուն համաձայն, Հայ Առաքելական Եկեղեցին պէտք է առաջնորդուի մեր բազմաթիւ օրհնեալ հոգեւորականներու օրինակելի տիպարով, ինչպիսիք են Գրիգոր Լուսաւորիչը, Սահակ Պարթեւը, եկեղեցական մատենագիրները, Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Խաղտող Կաթողիկոսը, Ներսէս Աշտարակեցին, Մկրտիչ Խրիմեանը, Եղիշէ Կաթողիկոս Դուրեանը, Վազգէն Ա. եւ ուրիշներ։ Անոնք լուսաւորած են մեր առաքելական եկեղեցին եւ արձանագրուած են պատմութեան մէջ իբրեւ ՄԵԾ հայեր։

Այսօր, բազմաթիւ հոգեւոր հաստատութիւններու նման, եւ բարդ աշխարհի մը մէջ, Հայ Եկեղեցին նոյնպէս կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ։ Անցեալին, մեր եկեղեցին ստիպուած եղած է ստանձնել որոշ պետական դերեր՝ քաղաքական ղեկավարութեան բացակայութեան պատճառով, իսկ ներկայիս, ինչպէս դարեր շարունակ ըրած է, յատկապէս նուիրուած է կրթութեան, մշակոյթի խթանման եւ ազգապահպանութեան՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։

Ցաւօք սրտի, այսօր մեր ամենասուրբ հաստատութիւնը կը գտնուի անցանկալի դրութեան մէջ։ Թէեւ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, բազմաթիւ եկեղեցիներ կառուցուեցան Հայաստանի, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ, բայց բազմաթիւ տագնապալի քննադատութիւններ կը լսուին գրեթէ ամէն կողմէ, յատկապէս Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր ղեկավար բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն մասին։ Այլեւս անհնար է անտեսել Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալ հետեւորդներուն սրտաբուխ եւ օրինաւոր մտահոգութիւններն ու քննադատութիւնները։

Բան մը, որեւէ տեղ, անպայման սխալ է, եւ ինչպէս կ՚ըսեն, ուր ծուխ կայ՝ հոն կրակ կայ։ Քննադատողները եկեղեցւոյ թշնամիները չեն, անոնք շատ գիտուն անձնաւորութիւններ են, որոնք կը պահանջեն բարեփոխումներ, կանոնի եւ կարգուկանոնի վերահաստատում, հոգեւորականներու անդամներուն կենցաղին, վարքագծին եւ սովորութիւններուն ուղղում։ Բացայայտուած են լայնածաւալ կեղծիքներ եւ հոգեւորականութեան աստիճաններուն անյարիր գործունէութիւններ։

Այս բոլոր պատճառներուն հետեւանքով, շատ երիտասարդ հայեր կորսնցուցած են իրենց հաւատքն ու վստահութիւնը, կը հեռանան մեր հնադարեան եկեղեցիէն եւ մեր քրիստոնէական հաւատքէն, եւ կը շատնան հերձուողական աղանդներն ու մարդագողերը, որոնք կը բծաւորեն եւ կը խանգարեն մեր բնաւորութիւնը՝ խեղաթիւրելով մեր ինքնութիւնը իրենց քարոզած հակաազգային գաղափարախօսութիւններով։ Հարցը այնպիսի ծանրութիւն ստացած է, որ մեր գնահատումով՝ անիկա վերածուած է ազգային անվտանգութեան խնդրի։

ՌԱԿ-ը կը յայտնէ իր խոր մտահոգութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներսը ստեղծուած այս դրութեան մասին եւ կ՚առաջարկէ որ առանց որեւէ յետաձգման կազմուի անկախ ներկայացուցչական յանձնաժողով մը՝ բաղկացած հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներէ՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ Սփիւռքէն, որպէսզի գումարուի արտակարգ եկեղեցական բարձրագոյն ժողով մը՝ ուղղելու համար Հայ Եկեղեցւոյ ներկայ անփառունակ դրութիւնը։ 

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Քարտուղար
Մայքըլ Խարապեան | Ատենապետ

Աւստրիոյ խորհրդարանը վաւերացուց ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը
Նախորդ նիւթը

Աւստրիոյ խորհրդարանը վաւերացուց ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը

ԱՀ ԱԺ նախագահը ընդունած է Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները
Յաջորդ նիւթը

ԱՀ ԱԺ նախագահը ընդունած է Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները

ԱնցնիլՎեր