«Աւրորա»-ի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

«Աւրորա» համաժողովի մասնակիցները 20 Հոկտեմբերին, այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Աւրորա»-ի ֆէյսպուքեան էջը: «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ այցի ընթացքին «Աւրորա» համաժողովի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «ATP» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համատեղ ջանքերով իրականացուեցաւ «Յիշատակի ծառատունկ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ  «Աւրորա» ամենամեայ մրցանակի չորրորդ դափնեկիր ճանչցուած է «Օդային կամուրջ Իրաք» (LuftbrückeIrak) կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ ղեկավար Միրզա Տինային: Մարդասիրական մղումներէ դրդուած` Տինայի, յաղթահարելով դիւանակալային  եւ ճանապարհային բազմաթիւ խոչընդոտներ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հակամարտութիւններու ընթացքին կրցած է օգնել  ծանր կացութեան մէջ մատունած եզիտիներու: Միրզան
21 Հոկտեմբերի 2019
5 ր. ընթերցում
«Աւրորա»-ի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

«Աւրորա» համաժողովի մասնակիցները 20 Հոկտեմբերին, այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Աւրորա»-ի ֆէյսպուքեան էջը:

«Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ այցի ընթացքին «Աւրորա» համաժողովի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «ATP» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համատեղ ջանքերով իրականացուեցաւ «Յիշատակի ծառատունկ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ  «Աւրորա» ամենամեայ մրցանակի չորրորդ դափնեկիր ճանչցուած է «Օդային կամուրջ Իրաք» (LuftbrückeIrak) կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ ղեկավար Միրզա Տինային: Մարդասիրական մղումներէ դրդուած` Տինայի, յաղթահարելով դիւանակալային  եւ ճանապարհային բազմաթիւ խոչընդոտներ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հակամարտութիւններու ընթացքին կրցած է օգնել  ծանր կացութեան մէջ մատունած եզիտիներու: Միրզան 2019-ին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր հռչակուեցաւ «Աւրորա» համաժողովի ծիրին մէ, Հոկտեմբեր 19-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:

Միրզա Տինայի պիտի ստանայ 1,000,000 տոլարի պարգեւ, որով ան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ շարունակելու մարդասիրութեան շղթան` աջակցութիւն ցուցաբերելով ժամանակին իրեն ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն: Ան ընտրած է երեք կազմակերպութիւն, որոնք բժշկական օգնութիւն եւ վերականգնողական ծառայութիւններ կը տրամադրեն «Իսլամական պետութեան» կողմէ ահաբեկչութենէն տուժածներուն: Այդ կազմակերպութիւններն են.

LuftbrückeIrak Irak կազմակերպութիւն («Oդային կամուրջ Իրաք»)

«Սիտ» հիմանդրամ (SEED Foundation)

«Շայ» հիմնադրամ (ShaiFund):

«Աւրորա» մրցանակը կը տրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունէն` ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն:

«Փեթախթիքվայի ծրագիրը լաւ ուսումնասիրուած ծրագիր մը չէ». Սաղիմահայ գործիչը իր դժգոհութիւնը արտայայտեց
Նախորդ նիւթը

«Փեթախթիքվայի ծրագիրը լաւ ուսումնասիրուած ծրագիր մը չէ». Սաղիմահայ գործիչը իր դժգոհութիւնը արտայայտեց

Գործազրկութեան էական նուազում ունինք. Վարչապետը թիւեր հրապարակած է
Յաջորդ նիւթը

Գործազրկութեան էական նուազում ունինք. Վարչապետը թիւեր հրապարակած է

ԱնցնիլՎեր