Գործազրկութեան էական նուազում ունինք. Վարչապետը թիւեր հրապարակած է

Այս տարուան երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 207 հազար 200 մարդ՝ նուազելով 29 հազար 200-ով: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: «Ուրախ եմ արձանագրել, որ 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակէն մենք գործազրկութեան էական նուազում ունինք: Եթէ 2018-ի երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 236 հազար 400 մարդ, ապա 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 207 հազար 200 մարդ, նուազելով 29 հազար 200 մարդով: Ներկայիս մեր երկրի մէջ գործազրկութիւնը կը կազմէ 17,7 տոկոս, ինչը կը նշանակէ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ մեր երկրին մէջ ընդհանուր գործազրկութիւնը նուազած է 2,5 տոկոսով»,- գրած է
21 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Գործազրկութեան էական նուազում ունինք. Վարչապետը թիւեր հրապարակած է

Այս տարուան երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 207 հազար 200 մարդ՝ նուազելով 29 հազար 200-ով: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ուրախ եմ արձանագրել, որ 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակէն մենք գործազրկութեան էական նուազում ունինք:

Եթէ 2018-ի երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 236 հազար 400 մարդ, ապա 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակին գործազուրկներու թիւը կազմած է 207 հազար 200 մարդ, նուազելով 29 հազար 200 մարդով:

Ներկայիս մեր երկրի մէջ գործազրկութիւնը կը կազմէ 17,7 տոկոս, ինչը կը նշանակէ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ մեր երկրին մէջ ընդհանուր գործազրկութիւնը նուազած է 2,5 տոկոսով»,- գրած է ՀՀ վարչապետը:

«Աւրորա»-ի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ
Նախորդ նիւթը

«Աւրորա»-ի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Պաշտօնէական կեղծիք կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած է ՀՀ ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալը. ՅՔԾ
Յաջորդ նիւթը

Պաշտօնէական կեղծիք կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած է ՀՀ ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալը. ՅՔԾ

ԱնցնիլՎեր