Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ համայնքին մէջ բացուած է Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող այգի-պուրակ

7 Յուլիսին Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ խոշորացուած համայնքի Շողակաթ բնակավայրին մէջ բացուած է հանրահռչակ շանսոնյէ Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող այգի-պուրակ։ Այս մասին կը յայտնէ Գեղարքունիքի մարզպետարանը: Միջոցառմանը մասնակցած են Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեանը, Շողակաթ համայնքի ղեկավար Սուլիկօ Շուշանեանը, համայնքի բնակավայրերու վարչական ղեկավարներ, համայնքի բնակիչներ եւ հիւրեր։ Այգի-պուրակը կառուցուած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող նպաստային ծրագրերու շրջածիրէն ներս։ Շինարարական աշխատանքները մեկնարկած են 2020 թուականի Յուլիսէն եւ աւարտած այս տարուան Յունիսին։ Այգի-պուրակին մէջ տեղադրուած է շատրուանային եւ լուսաւորութեան համակարգ, կառուցուած է բեմական հատուած եւ տեղադրուած է Շարլ Ազնաւուրի կիսանդրին՝ քանդակագործութեամբ Գերասիմ Շահվերդեանի։ Շինարարութեան պայմանագրային արժէքը կազմած է 18 միլիոն 860 հազար դրամ, որու 45 տոկոսը յատկացուցած է ՀՀ կառավարութիւնը, 55 տոկոսը` Շողակաթի համայնքապետարանը։ 
8 Հուլիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ համայնքին մէջ բացուած է Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող այգի-պուրակ

7 Յուլիսին Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ խոշորացուած համայնքի Շողակաթ բնակավայրին մէջ բացուած է հանրահռչակ շանսոնյէ Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող այգի-պուրակ։ Այս մասին կը յայտնէ Գեղարքունիքի մարզպետարանը:

Միջոցառմանը մասնակցած են Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեանը, Շողակաթ համայնքի ղեկավար Սուլիկօ Շուշանեանը, համայնքի բնակավայրերու վարչական ղեկավարներ, համայնքի բնակիչներ եւ հիւրեր։

Այգի-պուրակը կառուցուած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող նպաստային ծրագրերու շրջածիրէն ներս։ Շինարարական աշխատանքները մեկնարկած են 2020 թուականի Յուլիսէն եւ աւարտած այս տարուան Յունիսին։ Այգի-պուրակին մէջ տեղադրուած է շատրուանային եւ լուսաւորութեան համակարգ, կառուցուած է բեմական հատուած եւ տեղադրուած է Շարլ Ազնաւուրի կիսանդրին՝ քանդակագործութեամբ Գերասիմ Շահվերդեանի։ Շինարարութեան պայմանագրային արժէքը կազմած է 18 միլիոն 860 հազար դրամ, որու 45 տոկոսը յատկացուցած է ՀՀ կառավարութիւնը, 55 տոկոսը` Շողակաթի համայնքապետարանը։ 

Շատ կարեւոր է ունենալ ժողովուրդի վստահութիւնը, եւ Դուք այն ունիք․ Վլատիմիր Փութինը՝ Նիկոլ Փաշինեանին
Նախորդ նիւթը

Շատ կարեւոր է ունենալ ժողովուրդի վստահութիւնը, եւ Դուք այն ունիք․ Վլատիմիր Փութինը՝ Նիկոլ Փաշինեանին

Յետմահու «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչում ստացած կամ «Մարտական խաչ» շքանշանով պարգեւատրուած անձանց ընտանիքները պարգեւավճար պիտի ստանան
Յաջորդ նիւթը

Յետմահու «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչում ստացած կամ «Մարտական խաչ» շքանշանով պարգեւատրուած անձանց ընտանիքները պարգեւավճար պիտի ստանան

ԱնցնիլՎեր