Շատ կարեւոր է ունենալ ժողովուրդի վստահութիւնը, եւ Դուք այն ունիք․ Վլատիմիր Փութինը՝ Նիկոլ Փաշինեանին

Մոսկուայի մէջ ընթացող հանդիպման ժամանակ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի կապակցութեամբ:  Նախքան փակ հանդիպման մեկնարկը Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ռուսաստանի ղեկավարի հետ ստիպուած է աւելի յաճախ անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր քննարկել, քանի որ տարածաշրջանային իրավիճակը կայուն չէ եւ մասնաւորապէս, անհանգիստ է հայ-ատրպէյճանական սահմանը։ Փութինի խօսքով՝ զգայուն հարցերը հնարաւոր է լուծել ժողովուրդի աջակցութիւնը ունենալու պարագային։ Ռուսաստանի ղեկավարը նաեւ ընդգծեց, որ այդ աջակցութիւնը Փաշինեան ունի. «Անոր համար ես կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ կ’ակնկալեմ լուրջ քննարկում բոլոր այն հարցերու շուրջ, որ վերջին շրջանին աշխուժօրէն կը քննարկենք», — ըսած է ՌԴ ղեկավարը: Փաշինեանը անդրադարձած է անվտանգութեանն առնչուող հարցերուն
8 Հուլիսի 2021
7 ր. ընթերցում
Շատ կարեւոր է ունենալ ժողովուրդի վստահութիւնը, եւ Դուք այն ունիք․ Վլատիմիր Փութինը՝ Նիկոլ Փաշինեանին

Մոսկուայի մէջ ընթացող հանդիպման ժամանակ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի կապակցութեամբ: 

Նախքան փակ հանդիպման մեկնարկը Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ռուսաստանի ղեկավարի հետ ստիպուած է աւելի յաճախ անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր քննարկել, քանի որ տարածաշրջանային իրավիճակը կայուն չէ եւ մասնաւորապէս, անհանգիստ է հայ-ատրպէյճանական սահմանը։

Փութինի խօսքով՝ զգայուն հարցերը հնարաւոր է լուծել ժողովուրդի աջակցութիւնը ունենալու պարագային։ Ռուսաստանի ղեկավարը նաեւ ընդգծեց, որ այդ աջակցութիւնը Փաշինեան ունի. «Անոր համար ես կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ կ’ակնկալեմ լուրջ քննարկում բոլոր այն հարցերու շուրջ, որ վերջին շրջանին աշխուժօրէն կը քննարկենք», — ըսած է ՌԴ ղեկավարը:

Փաշինեանը անդրադարձած է անվտանգութեանն առնչուող հարցերուն եւ անոնց շուրջ վերջերս տեղի ունեցող աշխոյժ քննարկումներուն: Վերջինս խօսած է տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ոչ կայուն իրավիճակի մասին՝ ընդգծելով ՌԴ նախագահի եւ Ռուսաստանի դերակատարութիւնն ու ջանքերը հրադադարի կնքման համար:

«Ռուս խաղաղապահների տեղակայումից յետոյ ԼՂ-ում իրավիճակը կայուն է, սակայն, երբեմն, անկայունութեան օճախներ են ստեղծուում, եւ այսօր ցանկանում եմ Ձեզ հետ կիսուել գնահատումներով, թէ ինչու է դա տեղի ունենում: Անկայուն է նաեւ իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին: Այս առիթով բազմիցս խօսել ենք, այստեղ նոյնպէս մշտական անհանգստութեան օճախ կայ վերջին երկու ամսուան ընթացքում»,-ըսած է Փաշինեանը՝ յոյս յայտնելով, որ այդ հարցով քննարկում տեղի պիտի ունենայ այսօր:

Անդրադառնալով 15 հայ ռազմագերիներու վերադարձին՝ Փաշինեանը դարձեալ ընդգծած է ռուսական կողմի դերակատարութիւնն ու յիշատակած 24 Յունիսին ՌԴ նախագահի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը, որմէ մէկ շաբաթ անց տեղի ունեցած է  ռազմագերիներու վերադարձը:

Խօսելով տնտեսական համագործակցութեան եւ Հարաւ-կովկասեան երկաթուղիի կառուցման մասին՝ Փաշինեանը նշած է, որ այսօր լիարժէք թափով կ’ընթանայ երկաթուղային համալիրներու թարմացումը Հայաստանի մէջ:

Անոր խօսքով՝ խոշոր ներդրումային ծրագրեր կ’իրականացուին, ընթացիկ տարուան մէջ կ’աճի Հայաստանէն ՌԴ արտահանման ծաւալը, Հայաստանն այսօր արդէն ստացած է աւելի քան 110 000 չափաբաժին «Սփութնիք V» պատուաստանիւթ:  

«Մենք ժողովրդի կողքին ենք». Նիկոլ Փաշինեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը հանդիպել են
Նախորդ նիւթը

«Մենք ժողովրդի կողքին ենք». Նիկոլ Փաշինեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը հանդիպել են

Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ համայնքին մէջ բացուած է Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող այգի-պուրակ
Յաջորդ նիւթը

Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ համայնքին մէջ բացուած է Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող այգի-պուրակ

ԱնցնիլՎեր