Գերմանական «Լեոփարտ-2» հրասայլերը հասած են Ուքրանիա

Գերմանիոյ կողմէ որպէս աջակցութիւն ուղարկուած «Լեոփարտ-2» 18 հրասայլերը հասած են Ուքրանիա: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ յղում կատարելով անվտանգային ոլորտի իր աղբիւրին:  Գերմանիան դեռ յունուարին համաձայնած էր մատակարարել հրասայլերը, որոնք կը համարուին Արեւմուտքի զինանոցին մէջ լաւագոյններէն: Ըստ Քիեւի՝ ծանր սպառազինութեան ուղարկումը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ՝ Ռուսիոյ դէմ պայքարին մէջ, սակայն Մոսկուան այդ կը համարէ վտանգաւոր սադրանք: Ըստ լրատուամիջոցի աղբիւրի՝ բացի այդ 18 հրասայլերէն, Ուքրանիա հասած են նաեւ 40 գերմանական Marder տեսակի հետեւակի մարտական մեքենաներ եւ 2 զրահապատ մեքենաներ:  Նշուած է, որ Փորթուկալիոյ նուիրաբերած 3 Լեոփարտ հրասայլերը նոյնպէս հասած են Ուքրանիա: 
29 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
Գերմանական «Լեոփարտ-2» հրասայլերը հասած են Ուքրանիա

Գերմանիոյ կողմէ որպէս աջակցութիւն ուղարկուած «Լեոփարտ-2» 18 հրասայլերը հասած են Ուքրանիա:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ յղում կատարելով անվտանգային ոլորտի իր աղբիւրին: 

Գերմանիան դեռ յունուարին համաձայնած էր մատակարարել հրասայլերը, որոնք կը համարուին Արեւմուտքի զինանոցին մէջ լաւագոյններէն: Ըստ Քիեւի՝ ծանր սպառազինութեան ուղարկումը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ՝ Ռուսիոյ դէմ պայքարին մէջ, սակայն Մոսկուան այդ կը համարէ վտանգաւոր սադրանք:

Ըստ լրատուամիջոցի աղբիւրի՝ բացի այդ 18 հրասայլերէն, Ուքրանիա հասած են նաեւ 40 գերմանական Marder տեսակի հետեւակի մարտական մեքենաներ եւ 2 զրահապատ մեքենաներ: 

Նշուած է, որ Փորթուկալիոյ նուիրաբերած 3 Լեոփարտ հրասայլերը նոյնպէս հասած են Ուքրանիա: 

Amnesty International-ի զեկոյցը` Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին մասին
Նախորդ նիւթը

Amnesty International-ի զեկոյցը` Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին մասին

Ներկայիս Ստեփանակերտի հետ կապի միակ միջոցը հեռախօսն է. Մեծ Շէնի համայնքապետ
Յաջորդ նիւթը

Ներկայիս Ստեփանակերտի հետ կապի միակ միջոցը հեռախօսն է. Մեծ Շէնի համայնքապետ

ԱնցնիլՎեր