Գէորգ Կոստանեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է

Հայաստանի նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում, միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան՝ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն (ՅՔԾ): Երկուշաբթի օր հաղորդուած էր, որ 2008-ի արիւնալի իրադարձութիւնները քննող ՅՔԾ-ն որոշած է որպէս մեղադրեալ ներգրաւել Գէորգ Կոստանեանը եւ անոր առաջարկած է 48 ժամուան ընթացքին ներկայանալ վարոյթն իրականացնող մարմին՝ մեղադրանք առաջադրելու համար: Նոյն օրը նախկին գլխաւոր դատախազը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մասնաւորապէս ըսած է․ — «Այս հրատապութիւնը ինձ համար կանխատեսելի էր, բայց ոչ ողջամիտ»: Կոստանեանն արդէն երկու ամիս է Մոսկուա կը  գտնուի, ուր կը դասաւանդէ Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազութեան համալսարանէն ներս:
29 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Գէորգ Կոստանեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է

Հայաստանի նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում, միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան՝ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն (ՅՔԾ):

Երկուշաբթի օր հաղորդուած էր, որ 2008-ի արիւնալի իրադարձութիւնները քննող ՅՔԾ-ն որոշած է որպէս մեղադրեալ ներգրաւել Գէորգ Կոստանեանը եւ անոր առաջարկած է 48 ժամուան ընթացքին ներկայանալ վարոյթն իրականացնող մարմին՝ մեղադրանք առաջադրելու համար:

Նոյն օրը նախկին գլխաւոր դատախազը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մասնաւորապէս ըսած է․ — «Այս հրատապութիւնը ինձ համար կանխատեսելի էր, բայց ոչ ողջամիտ»:

Կոստանեանն արդէն երկու ամիս է Մոսկուա կը  գտնուի, ուր կը դասաւանդէ Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազութեան համալսարանէն ներս:

Մեկնարկած է «Հեռուստամարաթոն 2019»-ը
Նախորդ նիւթը

Մեկնարկած է «Հեռուստամարաթոն 2019»-ը

2019 Տարուան հեռուստամարաթոնին նուիրաբերուեցաւ 9 միլիոն 856 հազար 100 տոլար
Յաջորդ նիւթը

2019 Տարուան հեռուստամարաթոնին նուիրաբերուեցաւ 9 միլիոն 856 հազար 100 տոլար

ԱնցնիլՎեր