Մեկնարկած է «Հեռուստամարաթոն 2019»-ը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ իրականացուող ազգային նուիրատւութեան 22-րդ հեռուստամարաթոնը: «Հեռուստամարաթոն-2019»-ն այս տարի կը կրէ «Ես իմ անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» խորագիրը: 12-ժամեայ համահայկական դրամահաւաքի առաջին 4 ժամը այս տարի պիտի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, իսկ յաջորդ 8 ժամը պիտի հեռարձակուի Լոս Անճելըսէն: «Հեռուստամարաթոն-2019»-ի ընթացքին հաւաքուած միջոցները պիտի ուղղուին խմելու ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներու իրականացման համար Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երէք մարզերու` Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, հարիւրէ աւել համայնքներ պիտի ապահովուին շուրջօրեայ ջրամատակարարմամբ, անվճար ջեռուցմամբ ու ելեկտրականութեամբ:  Վերջերս նորոգորած է նաեւ Հիմնադրամին կայքը` նոյն հասցէով, որ Հիմնադրամի աշխատանքները կը դարձնէ լիովին թափանցիկ ու
29 Նոյեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Մեկնարկած է «Հեռուստամարաթոն 2019»-ը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ իրականացուող ազգային նուիրատւութեան 22-րդ հեռուստամարաթոնը:

«Հեռուստամարաթոն-2019»-ն այս տարի կը կրէ «Ես իմ անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» խորագիրը:

12-ժամեայ համահայկական դրամահաւաքի առաջին 4 ժամը այս տարի պիտի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, իսկ յաջորդ 8 ժամը պիտի հեռարձակուի Լոս Անճելըսէն:

«Հեռուստամարաթոն-2019»-ի ընթացքին հաւաքուած միջոցները պիտի ուղղուին խմելու ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներու իրականացման համար Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երէք մարզերու` Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, հարիւրէ աւել համայնքներ պիտի ապահովուին շուրջօրեայ ջրամատակարարմամբ, անվճար ջեռուցմամբ ու ելեկտրականութեամբ:

 Վերջերս նորոգորած է նաեւ Հիմնադրամին կայքը` նոյն հասցէով, որ Հիմնադրամի աշխատանքները կը դարձնէ լիովին թափանցիկ ու հաշուետու համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ առցանց նուիրատուութիւններ կատարել ձեր նախընտրած ձեւով:

Հհիմնադրամի այս տարուան հեռուստամարաթոնի երգը կը կոչուի «Ես իմ անուշ Հայաստանի». Չարենցի այս հանրայայտ բանաստեղծութիւնը դարձած է հիմնադրամի այս տարուան ոչ միայն կարգախօսը, այլեւ համախմբողը:

ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպած են Արցախի ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեանի հետ
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպած են Արցախի ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեանի հետ

Գէորգ Կոստանեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է
Յաջորդ նիւթը

Գէորգ Կոստանեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է

ԱնցնիլՎեր