Գիւմրեցի Դաւիթ Չալոյեան հանդիսացաւ բռնցքամարտի Աշխարհի փոխախոյեան

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականին անդամ Դաւիթ Չալոյեան երէկ հանդիսացաւ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան 92 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, 24 տարեկան Չալոյեան, որ մրցեցաւ ռուս Մարք Փեթրովսքիի դէմ (22 տարեկան), իրաւարարներուն որոշումով կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հայ կռփամարտիկը, որ առաջին իսկ ռաունտին յօնքի վնասուածք ստացաւ, այդպէս ալ արիւնոտ վիճակով շարունակեց իր մենամարտը` մինչեւ աւարտ: Նշենք, որ Չալոյեանէն առաջ Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահոված էր ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Բաչքով:
10 Նոյեմբերի 2021
1 ր. ընթերցում
Գիւմրեցի Դաւիթ Չալոյեան հանդիսացաւ բռնցքամարտի Աշխարհի փոխախոյեան

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականին անդամ Դաւիթ Չալոյեան երէկ հանդիսացաւ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան 92 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, 24 տարեկան Չալոյեան, որ մրցեցաւ ռուս Մարք Փեթրովսքիի դէմ (22 տարեկան), իրաւարարներուն որոշումով կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:

Հայ կռփամարտիկը, որ առաջին իսկ ռաունտին յօնքի վնասուածք ստացաւ, այդպէս ալ արիւնոտ վիճակով շարունակեց իր մենամարտը` մինչեւ աւարտ:

Նշենք, որ Չալոյեանէն առաջ Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահոված էր ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Բաչքով:

Ոչ մէկ քննարկում կայ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» շուրջ. ՌԴ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Ոչ մէկ քննարկում կայ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» շուրջ. ՌԴ ԱԳՆ

Իրանը կը սատարէ «3+3» ձեւաչափին
Յաջորդ նիւթը

Իրանը կը սատարէ «3+3» ձեւաչափին

ԱնցնիլՎեր