Գործազրկութիւնը պատմականօրէն նուազագոյն աստիճանի հասած է. Նիկոլ Փաշինեան

Աշխատաշուկային մէջ այսօր աշխատուժի պակասութեան խնդիր ունինք, եւ պատմականօրէն նուազագոյն աստիճանի հասած է գործազրկութիւնը։ Կառավարութեան 1 դեկետմերի նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ «Մասնաւոր հատուածից ահազանգեր ենք ստանում, որ աշխատող գտնելու պրոբլեմ (խնդիր) ունեն»,–ըսած է Փաշինեանը։ ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանն ալ ի պատասխան յայտնեց, որ 2022-ի առաջին եռամսեակին գործազրկութեան մակարդակը կազմած է 14.8 տոկոս` նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազելով 1.9 տոկոսով։ «Այս պահի դրութեամբ Միասնական սոցիալական ծառայութիւնը 3260 թափուր աշխատատեղ է հաւաքագրել, իսկ վիճակագրական կոմիտէի տուեալներով` 9800 թափուր աշխատատեղ կայ։ Ունենք նաեւ 50 400 գրանցուած գործազուրկ, որը 2021թ. համեմատ նուազել է 8000-ով»,– ըսաւ նախարարը։ Մկրտչեանը յայտնեց
2 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Գործազրկութիւնը պատմականօրէն նուազագոյն աստիճանի հասած է. Նիկոլ Փաշինեան

Աշխատաշուկային մէջ այսօր աշխատուժի պակասութեան խնդիր ունինք, եւ պատմականօրէն նուազագոյն աստիճանի հասած է գործազրկութիւնը։ Կառավարութեան 1 դեկետմերի նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Մասնաւոր հատուածից ահազանգեր ենք ստանում, որ աշխատող գտնելու պրոբլեմ (խնդիր) ունեն»,–ըսած է Փաշինեանը։

ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանն ալ ի պատասխան յայտնեց, որ 2022-ի առաջին եռամսեակին գործազրկութեան մակարդակը կազմած է 14.8 տոկոս` նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազելով 1.9 տոկոսով։

«Այս պահի դրութեամբ Միասնական սոցիալական ծառայութիւնը 3260 թափուր աշխատատեղ է հաւաքագրել, իսկ վիճակագրական կոմիտէի տուեալներով` 9800 թափուր աշխատատեղ կայ։ Ունենք նաեւ 50 400 գրանցուած գործազուրկ, որը 2021թ. համեմատ նուազել է 8000-ով»,– ըսաւ նախարարը։

Մկրտչեանը յայտնեց նաեւ, որ առաջիկայ 3 տարիներուն գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, մեծածախ եւ մանրածախ առեւտուրի, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, փոխադրումներու եւ առողջապահական սպասարկման ոլորտներուն մէջ աշխատակիցներու կարիք պիտի ըլլայ։

ԱՄՆ Սենատէն ներս կը պահանջեն Ատրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկել՝ ՀՀ–ի դէմ յարձակման համար
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ Սենատէն ներս կը պահանջեն Ատրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկել՝ ՀՀ–ի դէմ յարձակման համար

Հայ–թրքական պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու քննարկումները պիտի շարունակուին. ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Հայ–թրքական պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու քննարկումները պիտի շարունակուին. ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր