Հայ–թրքական պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու քննարկումները պիտի շարունակուին. ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ՝ Իպրահիմ Քալընի այն յայտարարութիւնը, որ նոյեմբերի սկիզբը, սահմանին տեղի ունեցած է հայ-թրքական տեխնիկական պատուիրակութիւններու հանդիպում: ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը «Արմէնփրէսի» հետ զրոյցին յայտնած է, որ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը այդ հանդիպման վերաբերեալ տեղեկութիւնը հանրայնացուցած է դեռեւս նոյեմբերի սկիզբը: Ռուբինեանի խօսքով` հանդիպման հայկական կողմէն ներգրաւուած եղած են այն գերատեսչութիւնները, որոնք պէտք է կեանքի կոչեն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներու 1 յուլիսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ «Հանդիպման ընթացքում քննարկուել են ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կիրարկմանը վերաբերող տեխնիկական հարցեր: Քննարկումները շարունակուելու են»,- ըսաւ Յունանեանը:
2 Դեկտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Հայ–թրքական պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու քննարկումները պիտի շարունակուին. ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ՝ Իպրահիմ Քալընի այն յայտարարութիւնը, որ նոյեմբերի սկիզբը, սահմանին տեղի ունեցած է հայ-թրքական տեխնիկական պատուիրակութիւններու հանդիպում:

ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը «Արմէնփրէսի» հետ զրոյցին յայտնած է, որ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը այդ հանդիպման վերաբերեալ տեղեկութիւնը հանրայնացուցած է դեռեւս նոյեմբերի սկիզբը:

Ռուբինեանի խօսքով` հանդիպման հայկական կողմէն ներգրաւուած եղած են այն գերատեսչութիւնները, որոնք պէտք է կեանքի կոչեն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներու 1 յուլիսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

«Հանդիպման ընթացքում քննարկուել են ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կիրարկմանը վերաբերող տեխնիկական հարցեր: Քննարկումները շարունակուելու են»,- ըսաւ Յունանեանը:

Գործազրկութիւնը պատմականօրէն նուազագոյն աստիճանի հասած է. Նիկոլ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Գործազրկութիւնը պատմականօրէն նուազագոյն աստիճանի հասած է. Նիկոլ Փաշինեան

Ֆրանսայի ԱԳՆ–ն յայտարարած է, որ ՀՀ–ի վերաբերեալ բանաձեւը Փարիզի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ
Յաջորդ նիւթը

Ֆրանսայի ԱԳՆ–ն յայտարարած է, որ ՀՀ–ի վերաբերեալ բանաձեւը Փարիզի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ

ԱնցնիլՎեր