Դամասկոսի մէջ. ՌԱԿ 100-ամեակի նշում եւ «Թէքէեան» վերանորոգուած կեդրոնի բացում

Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Թէքէեան Մշակութային ակումբին վերաբացումը: Տաս տարիներ առաջ՝ սուրիական պատերազմի դեռեւս սկզբին, Դամասկոսի Ալ Թահրիր հրապարակի ահաւոր պայթումին հետեւանքով, ԹՄՄ կեդրոնը եւս ահաւոր վնասներ կրած էր: Ի շնորհիւ երախտաւոր բարերարներու եւ անդամներու հետեւողական եւ հասատատակամ ծառայութեան, վերականգնումի դժուարին աշխատանքներէ ետք Դամասկոսի ԹՄՄ կեդրոնը վերաբացաւ իր դռները:  Վերաբացման գողտրիկ ձեռնարկին ներկայ էին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, ՀՀ Դեսպանութեան Խորհրդական տիար Ազատ Խաչատուրեանը, Հոգեւոր Հայրեր, Դամասկոսի մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, Դամասկահայ ազգայիններ: ՌԱԿ 100-ամեակին եւ ԹՄՄ կեդրոնին վերականգնումին նուիրուած սոյն ձեռնարկը առիթ
24 Դեկտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Դամասկոսի մէջ. ՌԱԿ 100-ամեակի նշում եւ «Թէքէեան» վերանորոգուած կեդրոնի բացում

Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Թէքէեան Մշակութային ակումբին վերաբացումը: Տաս տարիներ առաջ՝ սուրիական պատերազմի դեռեւս սկզբին, Դամասկոսի Ալ Թահրիր հրապարակի ահաւոր պայթումին հետեւանքով, ԹՄՄ կեդրոնը եւս ահաւոր վնասներ կրած էր: Ի շնորհիւ երախտաւոր բարերարներու եւ անդամներու հետեւողական եւ հասատատակամ ծառայութեան, վերականգնումի դժուարին աշխատանքներէ ետք Դամասկոսի ԹՄՄ կեդրոնը վերաբացաւ իր դռները: 

Վերաբացման գողտրիկ ձեռնարկին ներկայ էին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, ՀՀ Դեսպանութեան Խորհրդական տիար Ազատ Խաչատուրեանը, Հոգեւոր Հայրեր, Դամասկոսի մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, Դամասկահայ ազգայիններ:

ՌԱԿ 100-ամեակին եւ ԹՄՄ կեդրոնին վերականգնումին նուիրուած սոյն ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ նաեւ գնահատելու եւ պարգեւատրելու կուսակցական եւ միութենական անդամներ, որոնք երկար տարիներու ծառայութեւմբ իրենց աւանդն ու ներդրումը ունեցած են ԹՄՄ-ի բեղուն գործունէութեան եւ բարգաւաճումին:

Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնութեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց բոլորին նուիրեալ աշխատանքը եւ շնորհաւորեց Դամասկսահայերը վերականգնումի այս հանգրուանին համար:

Դամասկոս, 19 Նոյեմբեր 2022

Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ միջկուսակցական ժողով` Բերձորի միջանցքին վերաբացման համար
Նախորդ նիւթը

Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ միջկուսակցական ժողով` Բերձորի միջանցքին վերաբացման համար

Զօրակցական Հաւաք Արցախի Ժողովուրդին Հետ` Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Նախաձեռնութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Զօրակցական Հաւաք Արցախի Ժողովուրդին Հետ` Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Նախաձեռնութեամբ

ԱնցնիլՎեր