Դրական նոր արձագանգներ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին մասին

Հայաստանը դարձած է աշխարհի ամենաարագ աճող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն մէկը՝ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան տուեալներու համաձայն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենբրես»-ը՝ վկայակոչելով UNWTO-ի «Զբօսաշրջային ծանրաչափի» տուեալները, ամենաարագ զարգացող ուղղութիւններու շարքին Հայաստանը 12-րդն է՝  14,4 տոկոս աճով։ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկոյցին համաձայն, ամենամեծ աճը արձանագրած է Միանման՝ 40․2 տոկոս։ Հարեւաններէն միայն Իրանը գերազանցած է Հայաստանին՝ զբօսաշրջութեան աճով, աշխարհի մէջ գրաւելով երրորդ տեղը՝ 27,9 տոկոս աճով։ ԵԱՏՄ պետութիւններուն մէջ Հայաստանը անվիճելի առաջատարն է, որուն կը յաջորդէ միայն Ղազախստանը (20-րդ տեղ՝ 10 տոկոս աճով)։ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զբօսաշրջութեան աճի ցանկին վրայ ետ մնացած են Հայաստանէն՝ զբաղցնելով համապատասխանաբար 13-րդ եւ 17-րդ տեղերը՝ 14 եւ 11,4 տոկոս աճով։
5 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Դրական նոր արձագանգներ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին մասին

Հայաստանը դարձած է աշխարհի ամենաարագ աճող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն մէկը՝ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան տուեալներու համաձայն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենբրես»-ը՝ վկայակոչելով UNWTO-ի «Զբօսաշրջային ծանրաչափի» տուեալները, ամենաարագ զարգացող ուղղութիւններու շարքին Հայաստանը 12-րդն է՝  14,4 տոկոս աճով։

Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկոյցին համաձայն, ամենամեծ աճը արձանագրած է Միանման՝ 40․2 տոկոս։ Հարեւաններէն միայն Իրանը գերազանցած է Հայաստանին՝ զբօսաշրջութեան աճով, աշխարհի մէջ գրաւելով երրորդ տեղը՝ 27,9 տոկոս աճով։ ԵԱՏՄ պետութիւններուն մէջ Հայաստանը անվիճելի առաջատարն է, որուն կը յաջորդէ միայն Ղազախստանը (20-րդ տեղ՝ 10 տոկոս աճով)։

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զբօսաշրջութեան աճի ցանկին վրայ ետ մնացած են Հայաստանէն՝ զբաղցնելով համապատասխանաբար 13-րդ եւ 17-րդ տեղերը՝ 14 եւ 11,4 տոկոս աճով։

Սահմանադրական Դատարանի հարցը քննարկուեցաւ Վարչապետ Փաշինեանի եւ Նախագահ Սարգսեանի կոմէ
Նախորդ նիւթը

Սահմանադրական Դատարանի հարցը քննարկուեցաւ Վարչապետ Փաշինեանի եւ Նախագահ Սարգսեանի կոմէ

Նախկին պատգամաւոր Առաքել Մովսիսեանի (Շմայսի) որդին կալանաւորուեցաւ
Յաջորդ նիւթը

Նախկին պատգամաւոր Առաքել Մովսիսեանի (Շմայսի) որդին կալանաւորուեցաւ

ԱնցնիլՎեր