Նախկին պատգամաւոր Առաքել Մովսիսեանի (Շմայսի) որդին կալանաւորուեցաւ

Պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Վահրամ Մկրտիչի Աւագեանի մահուան դէպքի առթիւ քննուող քրէական գործով մեղադրեալ Դաւիթ Մովսիսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը: Այս մասին 4 փետրուարին, ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը: Նշենք, որ Դաւիթ Մովսիսեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 359-րդ յօդուածի 3-րդ մասով, այն է՝ զինծառայողներու փոխյարաբերութիւններու կանոնագրքային կանոնները խախտելը անոնց միջեւ ստորադասութեան (ենթակայութեան) յարաբերութիւններու բացակայութեան պարագային, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ: NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ անոր պաշտպան Աշոտ Ապրէսեանն ըսած էր, որ Մովսիսեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չի ճանչնար: Յիշեցնենք, որ պաշտպանութեան նախարար
5 Փետրվարի 2020
3 ր. ընթերցում
Նախկին պատգամաւոր Առաքել Մովսիսեանի (Շմայսի) որդին կալանաւորուեցաւ

Պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Վահրամ Մկրտիչի Աւագեանի մահուան դէպքի առթիւ քննուող քրէական գործով մեղադրեալ Դաւիթ Մովսիսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Այս մասին 4 փետրուարին, ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը:

Նշենք, որ Դաւիթ Մովսիսեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 359-րդ յօդուածի 3-րդ մասով, այն է՝ զինծառայողներու փոխյարաբերութիւններու կանոնագրքային կանոնները խախտելը անոնց միջեւ ստորադասութեան (ենթակայութեան) յարաբերութիւններու բացակայութեան պարագային, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:

NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ անոր պաշտպան Աշոտ Ապրէսեանն ըսած էր, որ Մովսիսեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չի ճանչնար:

Յիշեցնենք, որ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ըսած էր, որ Արցախի մէջ 30 յունուարին մահացած զինծառայող Վահրամ Աւագեանի գործով 3 ձերբակալուած կայ, որոնցմէ մէկն ալ նախկին պատգամաւոր Առաքել Մովսիսեանի (Շմայսի) որդին է:

Դրական նոր արձագանգներ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին մասին
Նախորդ նիւթը

Դրական նոր արձագանգներ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին մասին

Փաշինեանը յիշեցուցած է «համազգային 6 կոնսենսուսներ»ու մասին
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեանը յիշեցուցած է «համազգային 6 կոնսենսուսներ»ու մասին

ԱնցնիլՎեր