ԵԱՏՄ-ի մէջ տնտեսական գետնի վրայ Հայաստանը՝ առաջատար  

2019 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի նկատմամբ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն մէջ համախառն ներքին արդիւնքը աճած է 1 տոկոսով։ Միութեան երկիրներու շարքին ամենաբարձր տնտեսական աճը, ինչպէս անցեալ տարի, այնպէս ալ՝ ընթացիկ տարուան գրանցած է Հայաստանը՝ 6,8 տոկոս, այնուհետեւ Ղրղզստանը՝ 6,4 տոկոս։ Նշուած ժամանակահատուածին միութեան  մէջ ներդրումները աճած են 2,1 տոկոսով, որու գիծով ամէնէն բարձր աճը նկատուած է Ղազախստանի մէջ՝ 11,7 տոկոս: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը հրապարակած է ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիս ամիսներու հիմնական ընկերային-տնտեսական ցուցանիշները։ Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ, բացառութեամբ արտաքին եւ փոխադարձ առեւտուրի, մնացած ցուցանիշներու գծով ԵԱՏՄ-ի մէջ աճ գրանցուած է։ 
6 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
ԵԱՏՄ-ի մէջ տնտեսական գետնի վրայ Հայաստանը՝ առաջատար  

2019 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի նկատմամբ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն մէջ համախառն ներքին արդիւնքը աճած է 1 տոկոսով։ Միութեան երկիրներու շարքին ամենաբարձր տնտեսական աճը, ինչպէս անցեալ տարի, այնպէս ալ՝ ընթացիկ տարուան գրանցած է Հայաստանը՝ 6,8 տոկոս, այնուհետեւ Ղրղզստանը՝ 6,4 տոկոս։ Նշուած ժամանակահատուածին միութեան  մէջ ներդրումները աճած են 2,1 տոկոսով, որու գիծով ամէնէն բարձր աճը նկատուած է Ղազախստանի մէջ՝ 11,7 տոկոս:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը հրապարակած է ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիս ամիսներու հիմնական ընկերային-տնտեսական ցուցանիշները։ Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ, բացառութեամբ արտաքին եւ փոխադարձ առեւտուրի, մնացած ցուցանիշներու գծով ԵԱՏՄ-ի մէջ աճ գրանցուած է։ 

Վարչապետն ու «Սասնայ ծռերը» հանդիպած են
Նախորդ նիւթը

Վարչապետն ու «Սասնայ ծռերը» հանդիպած են

Հայաստանի  մէջ  զբօսաշրջիկներու թիւը      զգալիօրէն   աճած է
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու թիւը զգալիօրէն աճած է

ԱնցնիլՎեր