Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու թիւը զգալիօրէն աճած է

Հայաստանի Հանրապետութիւն 2019-ի առաջին կիսամեակում, ընդհանուր առմամբ, այցելած է 1 միլիոն 679 հազար անձ, եւ որոնցմէ 770 հազարը եղած է զբօսաշրջիկ: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներուն այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեանը: «Ընդհանուր առմամբ 2018 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ այցելութիւններու թիւը աճած է 12,3 տոկոսով: Զբօսաշրջային այցելութիւնները աճած են 12,1 տոկոսով:  2018 թուականին Հայաստան ժամանած է 3,7 միլիոն անձ, որոնցմէ 1,5 միլիոնը զբօսաշրջիկներ եղած են: Այն  անձերը,  որոնք ՀՀ քաղաքացի չեն, կը դիտուին որպէս զբօսաշրջիկներ: Հիմնականօրէն Հայաստան կ՛այցելեն հարեւան եւ հայկական մեծ համայնքներ ունեցող երկիրներէ` Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէ»,- նշած է Սաֆարեանը:
6 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի  մէջ  զբօսաշրջիկներու թիւը      զգալիօրէն   աճած է

Հայաստանի Հանրապետութիւն 2019-ի առաջին կիսամեակում, ընդհանուր առմամբ, այցելած է 1 միլիոն 679 հազար անձ, եւ որոնցմէ 770 հազարը եղած է զբօսաշրջիկ:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներուն այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեանը:

«Ընդհանուր առմամբ 2018 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ այցելութիւններու թիւը աճած է 12,3 տոկոսով: Զբօսաշրջային այցելութիւնները աճած են 12,1 տոկոսով:

 2018 թուականին Հայաստան ժամանած է 3,7 միլիոն անձ, որոնցմէ 1,5 միլիոնը զբօսաշրջիկներ եղած են:

Այն  անձերը,  որոնք ՀՀ քաղաքացի չեն, կը դիտուին որպէս զբօսաշրջիկներ: Հիմնականօրէն Հայաստան կ՛այցելեն հարեւան եւ հայկական մեծ համայնքներ ունեցող երկիրներէ` Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէ»,- նշած է Սաֆարեանը:

Անոր խօսքով` կ’աշխատին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ եւրոպական երկիրներէն աւելի շատ զբօսաշրջիկ ներգրաւել դէպի Հայաստան:

 

ԵԱՏՄ-ի մէջ տնտեսական գետնի վրայ Հայաստանը՝ առաջատար  
Նախորդ նիւթը

ԵԱՏՄ-ի մէջ տնտեսական գետնի վրայ Հայաստանը՝ առաջատար  

Թուրքիոյ   1955 թուականի  «Սեւ սեպտեմբեր»ի  դէպքերուն վերաբերեալ Կարօ Փայլան հետաքննութիւն  կը պահանջէ
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ 1955 թուականի «Սեւ սեպտեմբեր»ի  դէպքերուն վերաբերեալ Կարօ Փայլան հետաքննութիւն  կը պահանջէ

ԱնցնիլՎեր