Եթե այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք․ Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու հաստատուած դէպքերու վիճակագրութեան։  Վարչապետը «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին կատարած գրառմամբ նշած է, որ կը պահպանուի զգուշաւոր լաւատեսութիւնը․ «Այսօր ունինք «Քորոնա» ժահրի 28 նոր դէպք՝ 311 քննութենէն: Առողջացմամբ դուրս գրուած է 27 քաղաքացի: Բուժուածներու ընդհանուր թիւը 114 է, հիւանդանոց գտնուողներունը՝ 758: Հիւանդներու մօտ 90 տոկոսը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի: Ընդհանուր առմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը կը պահպանենք: Եթէ այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ՝ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք եւ գագաթնակէտը եղած է 31 մարտին», — գրած է ՀՀ վարչապետը:
8 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Եթե այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք․ Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու հաստատուած դէպքերու վիճակագրութեան։ 

Վարչապետը «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին կատարած գրառմամբ նշած է, որ կը պահպանուի զգուշաւոր լաւատեսութիւնը․

«Այսօր ունինք «Քորոնա» ժահրի 28 նոր դէպք՝ 311 քննութենէն: Առողջացմամբ դուրս գրուած է 27 քաղաքացի: Բուժուածներու ընդհանուր թիւը 114 է, հիւանդանոց գտնուողներունը՝ 758: Հիւանդներու մօտ 90 տոկոսը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի:

Ընդհանուր առմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը կը պահպանենք: Եթէ այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ՝ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք եւ գագաթնակէտը եղած է 31 մարտին», — գրած է ՀՀ վարչապետը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ օրուան ընթացքին մահացած է 1700 վարակակիր. CNN
Նախորդ նիւթը

Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ օրուան ընթացքին մահացած է 1700 վարակակիր. CNN

«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 921-ի
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 921-ի

ԱնցնիլՎեր