Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ օրուան ընթացքին մահացած է 1700 վարակակիր. CNN

ԱՄՆ-ի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացութիւններու թիւն ամենաբարձր մակարդակի հասած է, մէկ օրուան մէջ` 1700 մարդ: Այս մասին կը յայտնած է CNN-ը` վկայակոչելով Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի կողմէ դաշնային եւ տեղական իշխանութիւններու տուեալներու հիման վրայ եղած հաշուարկները: Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի բռնկումը գրանցուած էր 2019-ի վերջը Կեդրոնական Չինաստանի մէջ եւ տարածուած է աշխարհի երկիրներու մեծ մասին մէջ եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս համաճարակ: Ըստ Ճոնս Հոքկինսի համալսարանի տուեալներուն` ԱՄՆ-ի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 396.2 հազար դէպք: 12 722 մարդ մահացած է, առողջացած է 21 763 մարդ: Մէկ օրուան համար մահացութեան նախորդ ամենաբարձր ցուցանիշը գրանցուած էր 3 ապրիլին`
8 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ օրուան ընթացքին մահացած է 1700 վարակակիր. CNN

ԱՄՆ-ի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացութիւններու թիւն ամենաբարձր մակարդակի հասած է, մէկ օրուան մէջ` 1700 մարդ: Այս մասին կը յայտնած է CNN-ը` վկայակոչելով Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի կողմէ դաշնային եւ տեղական իշխանութիւններու տուեալներու հիման վրայ եղած հաշուարկները:

Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի բռնկումը գրանցուած էր 2019-ի վերջը Կեդրոնական Չինաստանի մէջ եւ տարածուած է աշխարհի երկիրներու մեծ մասին մէջ եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս համաճարակ:

Ըստ Ճոնս Հոքկինսի համալսարանի տուեալներուն` ԱՄՆ-ի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 396.2 հազար դէպք: 12 722 մարդ մահացած է, առողջացած է 21 763 մարդ: Մէկ օրուան համար մահացութեան նախորդ ամենաբարձր ցուցանիշը գրանցուած էր 3 ապրիլին` 1.4 հազար մարդ:

Հայաստան. Առաւօտեան 93-ամեայ հիւանդ մահացած է «Քորոնա» ժահրէն
Նախորդ նիւթը

Հայաստան. Առաւօտեան 93-ամեայ հիւանդ մահացած է «Քորոնա» ժահրէն

Եթե այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք․ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Եթե այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք․ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր