Եթէ ներկայիս հակամարտութեան միակ լուծումը Ղարաբաղի ճանաչումն է, պէտք չէ երկմտիլ. Փարիզի քաղաքապետ

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն հարցազրոյց տուած է «Nouvelles d’Armenie» պարբերականին: «Եթէ ներկայիս հակամարտութեան միակ լուծումը Ղարաբաղի ճանաչումն է, պէտք չէ երկմտիլ: Ես անձամբ կողմ եմ ինքնորոշման: Պէտք է սատարել Հայաստանին այս փորձութեան եւ պայքարին մէջ»,-ըսած է Իտալկոն: Փարիզի քաղաքապետը նշած է, որ շատ մտահոգուած է ստեղծուած վիճակով: Իտալկոն նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ քաղաքական ու ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին խորապէս խաթարած է տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնը: Փարիզի քաղաքապետի խօսքով՝ այդ երկու երկիրներու նպատակն է բնաջնջել հայերը Արցախի տարածքէն: Իտալկոն շեշտած է, որ Թուրքիան վտանգաւոր խաղ սկսած է՝ վարձկան ահաբեկիչներուն հնարաւորութիւն տալով միանալ Ատրպէյճանին:
19 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Եթէ ներկայիս հակամարտութեան միակ լուծումը Ղարաբաղի ճանաչումն է, պէտք չէ երկմտիլ. Փարիզի քաղաքապետ

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն հարցազրոյց տուած է «Nouvelles d’Armenie» պարբերականին:

«Եթէ ներկայիս հակամարտութեան միակ լուծումը Ղարաբաղի ճանաչումն է, պէտք չէ երկմտիլ: Ես անձամբ կողմ եմ ինքնորոշման: Պէտք է սատարել Հայաստանին այս փորձութեան եւ պայքարին մէջ»,-ըսած է Իտալկոն:

Փարիզի քաղաքապետը նշած է, որ շատ մտահոգուած է ստեղծուած վիճակով: Իտալկոն նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ քաղաքական ու ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին խորապէս խաթարած է տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնը: Փարիզի քաղաքապետի խօսքով՝ այդ երկու երկիրներու նպատակն է բնաջնջել հայերը Արցախի տարածքէն: Իտալկոն շեշտած է, որ Թուրքիան վտանգաւոր խաղ սկսած է՝ վարձկան ահաբեկիչներուն հնարաւորութիւն տալով միանալ Ատրպէյճանին:

Ծանր ու յամառ մարտեր են, յատկապէս հարաւային շրջաններուն մէջ
Նախորդ նիւթը

Ծանր ու յամառ մարտեր են, յատկապէս հարաւային շրջաններուն մէջ

Ատրպէյճանի կորուստները
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի կորուստները

ԱնցնիլՎեր