Երեւանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած է բուժքոյր մը

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի հաստատուած 115 դէպքերէն մէկն արձանագրուած է վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ աշխատող բուժքրոջ մօտ։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին ընկերային ցանցի իր էջին գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։ « «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 115 դէպքէն մէկն արձանագրուած է բուժքրոջ մօտ, որ իր մասնագիտական առաքելութիւնը իրականացուցած է վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ: Վերջինս անմիջապէս հիւանդանոց տեղափոխուած է, անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար, թոքաբորբ չունի։ Առողջութիւն կը մաղթեմ անոր»,- գրած է Թորոսեանը։ Ան աւելցուցած է, որ այս օրերուն բուժաշխատողները կ’աշխատին գերծանրաբեռնուած` յաճախ յայտնուելով ռիսքային իրավիճակներու մէջ: Անոնք կը համարուին վարակուելու ամենախոցելի խումբերէն մէկը։ Նախարարը խնդրած է յարգել անոնց աշխատանքը եւ մնալ տունը։
19 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Երեւանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած է բուժքոյր մը

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի հաստատուած 115 դէպքերէն մէկն արձանագրուած է վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ աշխատող բուժքրոջ մօտ։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին ընկերային ցանցի իր էջին գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։

« «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 115 դէպքէն մէկն արձանագրուած է բուժքրոջ մօտ, որ իր մասնագիտական առաքելութիւնը իրականացուցած է վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ: Վերջինս անմիջապէս հիւանդանոց տեղափոխուած է, անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար, թոքաբորբ չունի։ Առողջութիւն կը մաղթեմ անոր»,- գրած է Թորոսեանը։

Ան աւելցուցած է, որ այս օրերուն բուժաշխատողները կ’աշխատին գերծանրաբեռնուած` յաճախ յայտնուելով ռիսքային իրավիճակներու մէջ: Անոնք կը համարուին վարակուելու ամենախոցելի խումբերէն մէկը։ Նախարարը խնդրած է յարգել անոնց աշխատանքը եւ մնալ տունը։

Յայտնի են ԱԱԾ պետի եւ Ոստիկանապետի անունները
Նախորդ նիւթը

Յայտնի են ԱԱԾ պետի եւ Ոստիկանապետի անունները

Heritage Foundation-ի զեկոյցը. Հայաստանը բարելաւած է իր դիրքերը
Յաջորդ նիւթը

Heritage Foundation-ի զեկոյցը. Հայաստանը բարելաւած է իր դիրքերը

ԱնցնիլՎեր