Յայտնի են ԱԱԾ պետի եւ Ոստիկանապետի անունները

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի պաշտօնները կը զբաղցնեն ներկայիս ժամանակաւոր պաշտօնակատարները:  Փաշինեան այս մասին ըսաւ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին: «Արդէն որոշեր եմ: Ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը (ԺՊ) կը նշանակուի ոստիկանապետ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարողն ալ կը նշանակուի ԱԱԾ տնօրէն»,-ըսաւ Փաշինեան: ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնակատարը Էտուարտ Մարտիրոսեանն է՝ Արթուր Վանեցեանի՝ պաշտօնը թողելէն ետք, իսկ ոստիկանութեան պետի պարտականութիւնները կը կատարէ Արման Սարգսեանը՝ Վալերի Օսիպեանի ազատումէն ետք:
19 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Յայտնի են ԱԱԾ պետի եւ Ոստիկանապետի անունները

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի պաշտօնները կը զբաղցնեն ներկայիս ժամանակաւոր պաշտօնակատարները:  Փաշինեան այս մասին ըսաւ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին:

«Արդէն որոշեր եմ: Ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը (ԺՊ) կը նշանակուի ոստիկանապետ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարողն ալ կը նշանակուի ԱԱԾ տնօրէն»,-ըսաւ Փաշինեան:

ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնակատարը Էտուարտ Մարտիրոսեանն է՝ Արթուր Վանեցեանի՝ պաշտօնը թողելէն ետք, իսկ ոստիկանութեան պետի պարտականութիւնները կը կատարէ Արման Սարգսեանը՝ Վալերի Օսիպեանի ազատումէն ետք:

Համահայկական ուժերու համախմբումով՝ ընդդէմ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին. «Հայաստան» համայկական հիմնադրամի յայտարարութիւն
Նախորդ նիւթը

Համահայկական ուժերու համախմբումով՝ ընդդէմ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին. «Հայաստան» համայկական հիմնադրամի յայտարարութիւն

Երեւանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած է բուժքոյր մը
Յաջորդ նիւթը

Երեւանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած է բուժքոյր մը

ԱնցնիլՎեր