Զախարովա. Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման աշխատանքները կ’իրականացուին ամէն օր

Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները կ’իրականացուին ամէն օր: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: «Այժմ խորհրդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ կ’ընթանան արտաքին գործոց նախարարներու հետ: Մենք արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ դեսպանատուներու միջոցով կը շփուինք  բառացիօրէն ամէն օր: Արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներու, ինչպէս Ռուսաստան-Ատրպէյճան, այնպէս ալ Հայաստանի միջոցով հեռախօսային խօսակցութիւններու մասին հաղորդագրութիւնները պարբերաբար կը հրապարակուին… մեր երկրի կողմէ վիթխարի ջանքեր ներդրուած են այս իրավիճակի լուծման համար` ինչպէս թէժ փուլին… այնպէս ալ հակամարտութեան յետսուր փուլին»,- ըսած է Զախարովան: Ըստ անոր` խօսքը ոչ միայն քաղաքական ջանքերու, այլ նաեւ երկրի ղեկավարութեան դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ անձնական ջանքերու
4 Հունիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Զախարովա. Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման աշխատանքները կ'իրականացուին ամէն օր

Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները կ’իրականացուին ամէն օր: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Այժմ խորհրդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ կ’ընթանան արտաքին գործոց նախարարներու հետ: Մենք արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ դեսպանատուներու միջոցով կը շփուինք  բառացիօրէն ամէն օր: Արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներու, ինչպէս Ռուսաստան-Ատրպէյճան, այնպէս ալ Հայաստանի միջոցով հեռախօսային խօսակցութիւններու մասին հաղորդագրութիւնները պարբերաբար կը հրապարակուին… մեր երկրի կողմէ վիթխարի ջանքեր ներդրուած են այս իրավիճակի լուծման համար` ինչպէս թէժ փուլին… այնպէս ալ հակամարտութեան յետսուր փուլին»,- ըսած է Զախարովան:

Ըստ անոր` խօսքը ոչ միայն քաղաքական ջանքերու, այլ նաեւ երկրի ղեկավարութեան դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ անձնական ջանքերու մասին է: «Եւ, ի հարկէ, մեր խաղաղապահներու դերի մասին, որոնք ամէն օր կը ներդնեն իրենց ուժը, հոգին եւ ունակութիւնները, արհեստավարժութիւնն ու հմտութիւնները` իրավիճակը շտկելու համար: Եւ որպէսզի արդէն քաղաքական գործիչները, դիւանագէտները, հասարակական գործիչները կարողանան կատարել իրենց գործառոյթները: Այդ պատճառով ռուս խաղաղապահներու դերը թերագնահատել հնարաւոր չէ»,- եզրափակած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը:

Իսրայէլի  յաջորդ  վարչապետը  պիտի դառնայ Նէֆթալի  Պէնէթը 
Նախորդ նիւթը

Իսրայէլի  յաջորդ  վարչապետը  պիտի դառնայ Նէֆթալի  Պէնէթը 

Ռուս խաղաղապահները մարտական պատրաստվածության ուսումնավարժանք են իրականացրել Լեռնային Ղարաբաղում շփման գծում տեղակայված դիտորդական կետերում. ՌԴ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Ռուս խաղաղապահները մարտական պատրաստվածության ուսումնավարժանք են իրականացրել Լեռնային Ղարաբաղում շփման գծում տեղակայված դիտորդական կետերում. ՌԴ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր