Իսրայէլի  յաջորդ  վարչապետը  պիտի դառնայ Նէֆթալի  Պէնէթը 

Իսրայէլի  յաջորդ  վարչապետը  պիտի դառնայ Նէֆթալի  Պէնէթը:   Իսրայէլի ընդդիմադիր «Եշ Աթիտ» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Եաիր Լափիտին յաջողած է նախարարներու նոր կազմ ձեւաւորել։ Այս մասին Լափիտը 2 յունիսի երեկոյեան յայտնած է երկրի նախագահ՝ Ռովին Ռիվլինին: Լափիտի խօսքով՝ նոր կառավարութիւնը կը յարգէ իր հակառակորդները եւ կ’ընէ հնարաւոր ամէն բան՝ իսրայէլեան հասարակութիւնը միաւորելու համար։   2 տարի վարչապետի պաշտօնը պիտի գրաւէ «Նոր աջեր» կուսակցութեան համահիմնադիր՝ Նէֆթալի  Պէնէթը, ապա զինք կը փոխարինէ Լափիտը։ Կառավարութեան ներկայ ղեկավար՝ Բենիամին Նաթանիահուն այդ պաշտօնը գրաւած է 12 տարի։   Իսրայէլի նախագահը 5 մայիսին Լափիտին յանձնարարած էր 28 օրուայ մէջ նոր կառավարութիւն ձեւաւորել, քանի որ Նաթանիահուին («Լիքուտ» կուսակցութենէն) տրուած
3 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Իսրայէլի  յաջորդ  վարչապետը  պիտի դառնայ Նէֆթալի  Պէնէթը 

Իսրայէլի  յաջորդ  վարչապետը  պիտի դառնայ Նէֆթալի  Պէնէթը:  

Իսրայէլի ընդդիմադիր «Եշ Աթիտ» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Եաիր Լափիտին յաջողած է նախարարներու նոր կազմ ձեւաւորել։ Այս մասին Լափիտը 2 յունիսի երեկոյեան յայտնած է երկրի նախագահ՝ Ռովին Ռիվլինին: Լափիտի խօսքով՝ նոր կառավարութիւնը կը յարգէ իր հակառակորդները եւ կ’ընէ հնարաւոր ամէն բան՝ իսրայէլեան հասարակութիւնը միաւորելու համար։

 

2 տարի վարչապետի պաշտօնը պիտի գրաւէ «Նոր աջեր» կուսակցութեան համահիմնադիր՝ Նէֆթալի  Պէնէթը, ապա զինք կը փոխարինէ Լափիտը։ Կառավարութեան ներկայ ղեկավար՝ Բենիամին Նաթանիահուն այդ պաշտօնը գրաւած է 12 տարի։

 

Իսրայէլի նախագահը 5 մայիսին Լափիտին յանձնարարած էր 28 օրուայ մէջ նոր կառավարութիւն ձեւաւորել, քանի որ Նաթանիահուին («Լիքուտ» կուսակցութենէն) տրուած ժամանակամիջոցին մէջ ան չէր յաջողած կառավարութեան դաշինք ստեղծել

Արտաքին գործոց նախարարի  պարտականութիւնները    պիտի կատարէ ամենաերկար պաշտօնավարող տեղակալը
Նախորդ նիւթը

Արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները պիտի կատարէ ամենաերկար պաշտօնավարող տեղակալը

Զախարովա. Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման աշխատանքները կ'իրականացուին ամէն օր
Յաջորդ նիւթը

Զախարովա. Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման աշխատանքները կ’իրականացուին ամէն օր

ԱնցնիլՎեր