Զաքիր Հասանով հերթական զազրախօսութիւնը. «Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերուն կը պատասխանենք մարտադաշտին մէջ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերն այն մասին, որ «Արցախը Հայաստան է»։ «Ես կը կարծեմ, որ մենք՝ զինուորականներս, պէտք չէ մասնակցինք այդ բանավէճին։ Մեր խնդիրը կռուիլն է։ Մենք մեր խօսքը կ’ըսենք մարտադաշտին մէջ, եւ մենք կ’երազենք այդ մասին։ Եւ այդ կ’իրականանայ մօտ ժամանակներս։ Այդ ժամանակ կը տեսնենք՝ պատասխանատո՞ւ է ան իր խօսքերուն համար, թէ՞ չէ։ Ես կը կարծեմ, որ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը անոր արժանի պատասխան տուած է։ Անգամ Հայաստանը չի ճանաչնար Ղարաբաղը պաշտօնապէս, միայն դատարկաբանութեամբ կը զբաղուին»,- ընդգծած է պաշտպանութեան նախարարը, կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
19 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Զաքիր Հասանով հերթական զազրախօսութիւնը. «Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերուն կը պատասխանենք մարտադաշտին մէջ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերն այն մասին, որ «Արցախը Հայաստան է»։

«Ես կը կարծեմ, որ մենք՝ զինուորականներս, պէտք չէ մասնակցինք այդ բանավէճին։ Մեր խնդիրը կռուիլն է։ Մենք մեր խօսքը կ’ըսենք մարտադաշտին մէջ, եւ մենք կ’երազենք այդ մասին։ Եւ այդ կ’իրականանայ մօտ ժամանակներս։ Այդ ժամանակ կը տեսնենք՝ պատասխանատո՞ւ է ան իր խօսքերուն համար, թէ՞ չէ։ Ես կը կարծեմ, որ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը անոր արժանի պատասխան տուած է։ Անգամ Հայաստանը չի ճանաչնար Ղարաբաղը պաշտօնապէս, միայն դատարկաբանութեամբ կը զբաղուին»,- ընդգծած է պաշտպանութեան նախարարը, կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

«Կուսակցութիւններու մասին օրէնք»ը պիտի փոխուի
Նախորդ նիւթը

«Կուսակցութիւններու մասին օրէնք»ը պիտի փոխուի

Էտուարտ Մարտիրոսեան եւ Արման Սարգսեան նշանակուեցան ԱԱԾ պետի եւ ՀՀ ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնին
Յաջորդ նիւթը

Էտուարտ Մարտիրոսեան եւ Արման Սարգսեան նշանակուեցան ԱԱԾ պետի եւ ՀՀ ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնին

ԱնցնիլՎեր