Էտուարտ Մարտիրոսեան եւ Արման Սարգսեան նշանակուեցան ԱԱԾ պետի եւ ՀՀ ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում կայացուցած է ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ Էդուարդ Մարտիրոսեանը նշանակել ԱԱԾ տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող: Այս մասին վարչապետը նշած է կառավարութեան նիստին սկիզբը՝ աւելցնելով, որ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Արման Սարգսեանը նշանակած է ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը: «Տեղեկացնեմ, որ ՀՀ օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգավիճակ է այս, եւ մեր գործընկերները այդ կարգավիճակին մէջ ունին լիարժէք լիազօրութիւն ղեկավարելու երկու համակարգերը: Ես կ’ուզեմ յաջողութիւն մաղթել եւ շնորհաւորել մեր գործընկերները: Պաշտօնական առումով մենք կը սպասենք նախագահին կողմէ այդ հրամանագրերուն ստորագրման ու հրապարակման»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ Արթուր Վանեցեանը եւ Վալերի Օսիպեանը պաշտօնազրկուած են ԱԱԾ տնօրէնի եւ Ոստիկանութեան պետի պաշտօններէն:
19 Սեպտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Էտուարտ Մարտիրոսեան եւ Արման Սարգսեան նշանակուեցան ԱԱԾ պետի եւ ՀՀ ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում կայացուցած է ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ Էդուարդ Մարտիրոսեանը նշանակել ԱԱԾ տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող: Այս մասին վարչապետը նշած է կառավարութեան նիստին սկիզբը՝ աւելցնելով, որ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Արման Սարգսեանը նշանակած է ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը:

«Տեղեկացնեմ, որ ՀՀ օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգավիճակ է այս, եւ մեր գործընկերները այդ կարգավիճակին մէջ ունին լիարժէք լիազօրութիւն ղեկավարելու երկու համակարգերը: Ես կ’ուզեմ յաջողութիւն մաղթել եւ շնորհաւորել մեր գործընկերները: Պաշտօնական առումով մենք կը սպասենք նախագահին կողմէ այդ հրամանագրերուն ստորագրման ու հրապարակման»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ Արթուր Վանեցեանը եւ Վալերի Օսիպեանը պաշտօնազրկուած են ԱԱԾ տնօրէնի եւ Ոստիկանութեան պետի պաշտօններէն: Օսիպեանը նշանակուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական:

 

Զաքիր Հասանով հերթական զազրախօսութիւնը. «Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերուն կը պատասխանենք մարտադաշտին մէջ
Նախորդ նիւթը

Զաքիր Հասանով հերթական զազրախօսութիւնը. «Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերուն կը պատասխանենք մարտադաշտին մէջ

Հայկական դեսպանատուն պիտի հիմնուի Թէլ Աւիւի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Հայկական դեսպանատուն պիտի հիմնուի Թէլ Աւիւի մէջ

ԱնցնիլՎեր