Հայկական դեսպանատուն պիտի հիմնուի Թէլ Աւիւի մէջ

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն ստեղծելու նախագիծին: Դեսպանութեան նստավայրը պիտի ըլլայ Թէլ Աւիւը: Որոշումը կարեւոր կը համարուի հայ-իսրայէլական երկկողմ յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը ապահովելու առումով, կը հաղորդէ «Ամէնբրես»ը, նշելով, որ Դեսպանութեան բացումը կը  նախատեսուի հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ (2019թ. վերջ, 2020թ. սկիզբ): «Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն ստեղծելը, եւ այդպիսով երկկողմ յարաբերութիւններուն նոր զարկ տալը ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի շահերը առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանելուն: Դեսպանութիւն հիմնելը միտուած է նաեւ պետական մակարդակով ներգրաւուելու բազմադարեայ հայկական ներկայութեան, հարուստ պատմա-մշակութային ժառանգութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ Սուրբ վայրերու իրաւատէր ըլլալու պահպանման»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ: Արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ
19 Սեպտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Հայկական դեսպանատուն պիտի հիմնուի Թէլ Աւիւի մէջ

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն ստեղծելու նախագիծին: Դեսպանութեան նստավայրը պիտի ըլլայ Թէլ Աւիւը: Որոշումը կարեւոր կը համարուի հայ-իսրայէլական երկկողմ յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը ապահովելու առումով, կը հաղորդէ «Ամէնբրես»ը, նշելով, որ Դեսպանութեան բացումը կը  նախատեսուի հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ (2019թ. վերջ, 2020թ. սկիզբ):

«Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն ստեղծելը, եւ այդպիսով երկկողմ յարաբերութիւններուն նոր զարկ տալը ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի շահերը առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանելուն: Դեսպանութիւն հիմնելը միտուած է նաեւ պետական մակարդակով ներգրաւուելու բազմադարեայ հայկական ներկայութեան, հարուստ պատմա-մշակութային ժառանգութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ Սուրբ վայրերու իրաւատէր ըլլալու պահպանման»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:

Արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ դեսպանութեան բացումը կրնայ որոշ ժամանակ տեւել: «Ես կը խուսափիմ որոշակի ժամկէտ նշելէ, որովհետեւ այստեղ կայ միւս կողմը»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իսրայէլի Պետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են  1992-ի Ապրիլին:     

Վերջին տարիներուն զգալիօրէն աճած են հայ-իսրայէլական երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ շփումները:

Էտուարտ Մարտիրոսեան եւ Արման Սարգսեան նշանակուեցան ԱԱԾ պետի եւ ՀՀ ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնին
Նախորդ նիւթը

Էտուարտ Մարտիրոսեան եւ Արման Սարգսեան նշանակուեցան ԱԱԾ պետի եւ ՀՀ ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնին

Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը նոր յուշադրամներ հրապարակեց
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը նոր յուշադրամներ հրապարակեց

ԱնցնիլՎեր