Զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն այսօր եւս դադարեցուած են

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կ’իրազեկէ, որ Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներուն մէջ զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն այսօր եւս դադարեցուած են եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով: Նշենք, որ որոնումներն այսօր նախատեսուած եղած է Մարտունիի շրջանին մէջ, Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրականի (Ճէպրայիլ) ուղղութիւններով: Եթէ ձիւնի տեսքով տեղումներ չըլլան ու բաւարար տեսանելիութիւն ըլլայ՝ աշխատանքները պիտի վերսկսին վաղը: Զինադադարէն ետք մինչ այսօր յայտնաբերուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1499 է, որմէ 23-ը նախնական տուեալներով քաղաքացիական անձինք են:
15 Մարտի 2021
2 ր. ընթերցում
Զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն այսօր եւս դադարեցուած են

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կ’իրազեկէ, որ Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներուն մէջ զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն այսօր եւս դադարեցուած են եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով:

Նշենք, որ որոնումներն այսօր նախատեսուած եղած է Մարտունիի շրջանին մէջ, Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրականի (Ճէպրայիլ) ուղղութիւններով:

Եթէ ձիւնի տեսքով տեղումներ չըլլան ու բաւարար տեսանելիութիւն ըլլայ՝ աշխատանքները պիտի վերսկսին վաղը:

Զինադադարէն ետք մինչ այսօր յայտնաբերուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1499 է, որմէ 23-ը նախնական տուեալներով քաղաքացիական անձինք են:

Դադիվանքը նոր վանահայր ունեցաւ
Նախորդ նիւթը

Դադիվանքը նոր վանահայր ունեցաւ

Ըստ Սերժ Թանքեանի լուծումը արտահերթ ընտրութիւններն են 
Յաջորդ նիւթը

Ըստ Սերժ Թանքեանի լուծումը արտահերթ ընտրութիւններն են 

ԱնցնիլՎեր