Ըստ Սերժ Թանքեանի լուծումը արտահերթ ընտրութիւններն են 

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a Down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը հարցազրոյց տուած է Vulture կայքին, որու ընթացքին անդրադարձած է տարբեր հարցերու, այդ շարքին՝ իր երաժշտական եւ հասարակական գործունէութեան։ Սերժ Թանքեանը խօսած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի մասին: Ան նշած է, որ 10 նոյեմբերի զինադադարէն ի վեր հայերը կը սգան ոչ միայն զոհուած երիտասարդներու կորուստը, այլեւ 2500-ամեայ պատմական հայրենիքի, որ գրաւուեցաւ «բռնապետութիւններու կողմէ, որոնք անպատիժ կերպով յարձակեցան՝ առաջադէմ զինատեսակներու հետ միասին օգտագործելով ապատեղեկատուութիւն»: «Սա ակնյայտօրէն Հայաստանի մէջ ստեղծածէ անկայունութիւն եւ մեծ զայրոյթ առաջացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի ներկայիս կառավարութեան նկատմամբ: Ան յեղափոխական առաջնորդն էր, որ սկսաւ կառավարել 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, որ Հայաստանի պատմութեան համար գագաթնակէտային պահ էր։ Այժմ մեր պատմութեան համար անհաւատալիօրէն վատ պահ է։ Փողոցը գտնուող ընդդիմութիւնը կազմուած է տարբեր կուսակցութիւններէ,
15 Մարտի 2021
6 ր. ընթերցում
Ըստ Սերժ Թանքեանի լուծումը արտահերթ ընտրութիւններն են 

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a Down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը հարցազրոյց տուած է Vulture կայքին, որու ընթացքին անդրադարձած է տարբեր հարցերու, այդ շարքին՝ իր երաժշտական եւ հասարակական գործունէութեան։

Սերժ Թանքեանը խօսած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի մասին: Ան նշած է, որ 10 նոյեմբերի զինադադարէն ի վեր հայերը կը սգան ոչ միայն զոհուած երիտասարդներու կորուստը, այլեւ 2500-ամեայ պատմական հայրենիքի, որ գրաւուեցաւ «բռնապետութիւններու կողմէ, որոնք անպատիժ կերպով յարձակեցան՝ առաջադէմ զինատեսակներու հետ միասին օգտագործելով ապատեղեկատուութիւն»:

«Սա ակնյայտօրէն Հայաստանի մէջ ստեղծածէ անկայունութիւն եւ մեծ զայրոյթ առաջացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի ներկայիս կառավարութեան նկատմամբ: Ան յեղափոխական առաջնորդն էր, որ սկսաւ կառավարել 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, որ Հայաստանի պատմութեան համար գագաթնակէտային պահ էր։ Այժմ մեր պատմութեան համար անհաւատալիօրէն վատ պահ է։ Փողոցը գտնուող ընդդիմութիւնը կազմուած է տարբեր կուսակցութիւններէ, որոնցմէ շատերը նոյնիսկ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չեն։ Անոնց մեծ մասը կապուած են հին իշխանութիւններու հետ եւ կը փորձեն օգտագործել քափիթուլացիան կամ պարտերազմի պարտութիւնը եւ վերադարձնել իշխանութիւնը»,- նկատած է ան:

Ռոք երաժիշտը ստեղծուած իրավիճակին մէջ լուծումը կը տեսնէ արտահերթ ընտրութիւններուն մէջ։

«Ստեղծուած իրավիճակի լուծումը ժողովրդավարական, սահմանադրական եղանակով առաջ երթալն է, այսինքն՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց մասին ինչ-որ պահի կը խօսէր գործող կառավարութիւնը: Ընդդիմութիւնը դէմ էր, քանի որ կը վախնար, որ նոյնիսկ նոր ընտրութիւններու պարագային իրենք ժողովուրդէն չեն ստանար այնքան աջակցութիւն, որքան պատերազմը տանուլ տուած գործող իշխանութիւնները», – նշած է Թանքեանը:

Սերժ Թանկեանը շեշտած է, որ միակ ճանապարհը հիմա ժողովրդավարութիւնն է, եւ ո՛չ բանակը, ո՛չ ալ ընդդիմութիւնը պէտք չէ ստանձնեն ղեկավարումը: Ըստ Թանքեանի՝ հարկաւոր է ընտրութիւններ կայացնել աւելի շուտ, քան կը լրանայ գործող խորհրդարանի մանտաթը։

Զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն այսօր եւս դադարեցուած են
Նախորդ նիւթը

Զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն այսօր եւս դադարեցուած են

Հոլանտան ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է AstraZeneca-ի օգտագործումը
Յաջորդ նիւթը

Հոլանտան ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է AstraZeneca-ի օգտագործումը

ԱնցնիլՎեր