Զօրակցութիւնս մեր քաջ զինուորներուն. Մխիթարեան

Իտալական «Ռոմա»ի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը գրառում կատարած է Ֆեյսպուքի իր պաշտօնական էջին եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու զինուորներուն: «Մեծագոյն անհանգստութեամբ կը հետեւիմ վերջին օրերուն մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող լարուածութեան, թիրախաւորուած բնակավայրերու մասին լուրերուն եւ կ’ուզեմ զօրակցութիւնս յայտնել մեր քաջ զինուորներուն, որոնք կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը իրենց հերոսական գործողութիւններով: Խորին վիշտով կը ցաւակցիմ մեր հերոս նահատակներու ընտանիքներուն ու կ’աղօթեմ վիրաւոր զինուորներու շուտափոյթ ապաքինման համար: Խաղաղութիւն կը մաղթեմ մեր հայրենիքին! Ձեզի հետ եմ: Հենօ»,- գրած է Մխիթարեանը:  
17 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Զօրակցութիւնս մեր քաջ զինուորներուն. Մխիթարեան

Իտալական «Ռոմա»ի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը գրառում կատարած է Ֆեյսպուքի իր պաշտօնական էջին եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու զինուորներուն:

«Մեծագոյն անհանգստութեամբ կը հետեւիմ վերջին օրերուն մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող լարուածութեան, թիրախաւորուած բնակավայրերու մասին լուրերուն եւ կ’ուզեմ զօրակցութիւնս յայտնել մեր քաջ զինուորներուն, որոնք կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը իրենց հերոսական գործողութիւններով:

Խորին վիշտով կը ցաւակցիմ մեր հերոս նահատակներու ընտանիքներուն ու կ’աղօթեմ վիրաւոր զինուորներու շուտափոյթ ապաքինման համար: Խաղաղութիւն կը մաղթեմ մեր հայրենիքին!

Ձեզի հետ եմ: Հենօ»,- գրած է Մխիթարեանը:

 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 34 001-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 34 001-ի

#stopaliyev․ Ատրպէյճանի մէջ խաղաղ յեղափոխութեան ժամանակը եկած է․ Թանքեան
Յաջորդ նիւթը

#stopaliyev․ Ատրպէյճանի մէջ խաղաղ յեղափոխութեան ժամանակը եկած է․ Թանքեան

ԱնցնիլՎեր