Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 34 001-ի

Հայաստանի մէջ, 17 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 34 001 դէպք, որոնցմէ 22 492-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 692 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 143 114 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 442 նոր դէպք եւ  561 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 13 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 620): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 56, 53, 51, 64, 76, 84, 79, 68, 49, 62 եւ 83
17 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 34 001-ի

Հայաստանի մէջ, 17 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 34 001 դէպք, որոնցմէ 22 492-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 692 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 143 114 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 442 նոր դէպք եւ  561 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 13 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 620):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 56, 53, 51, 64, 76, 84, 79, 68, 49, 62 եւ 83 տարեկան տղամարդիկ եւ 70, 73 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 8 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 197 է:

Ես Հայաստանի հետ եմ եւ կ՚աղօթեմ անոնց համար, որոնք սահմանին են. Քիմ Քարտաշեան
Նախորդ նիւթը

Ես Հայաստանի հետ եմ եւ կ՚աղօթեմ անոնց համար, որոնք սահմանին են. Քիմ Քարտաշեան

Զօրակցութիւնս մեր քաջ զինուորներուն. Մխիթարեան
Յաջորդ նիւթը

Զօրակցութիւնս մեր քաջ զինուորներուն. Մխիթարեան

ԱնցնիլՎեր