Զօրաւոր երկրաշարժ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ. կան զոհեր, վիրաւորներ ու աւերածութիւններ

Թուրքիոյ Կազիայնթէպ քաղաքին մէջ եղած երկրաշարժը ցնցած է Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր շրջանները։ Երկրաշարժի առաջին ցնցումը 7,7 ռիխթըր ուժգնութեամբ էր, Իսկէնտէրունի հիւսիսային շրջանը, երկրորդը՝ 6,4, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին։ Յաջորդական երկու Երկրաշարժները տեւեցին աւելի քան 2 վայրկեան։ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ զոհերուն թիւը կը գնահատուի հարիւրներով եւ երկու երկիրներու պարագային ալ պետական մարմիններ իրենց ամբողջական ճիգը ի գործ դնելով կը փորձեն փրկարարական աշխատանքներ իրականցնել։ Տխուր լուրեր կը հասնին յատկապէս Հալէպ քաղաքէն, ուր գրանցուած են աւելի քան 250 զոհեր: Զոհերու մեծաթիւ ըլլալը պայմանաւորուած է տարբեր շրջաններուն մէջ շէնքերու փլուզումներով։ Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան։  
6 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Զօրաւոր երկրաշարժ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ. կան զոհեր, վիրաւորներ ու աւերածութիւններ

Թուրքիոյ Կազիայնթէպ քաղաքին մէջ եղած երկրաշարժը ցնցած է Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր շրջանները։

Երկրաշարժի առաջին ցնցումը 7,7 ռիխթըր ուժգնութեամբ էր, Իսկէնտէրունի հիւսիսային շրջանը, երկրորդը՝ 6,4, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին։ Յաջորդական երկու Երկրաշարժները տեւեցին աւելի քան 2 վայրկեան։

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ զոհերուն թիւը կը գնահատուի հարիւրներով եւ երկու երկիրներու պարագային ալ պետական մարմիններ իրենց ամբողջական ճիգը ի գործ դնելով կը փորձեն փրկարարական աշխատանքներ իրականցնել։

Տխուր լուրեր կը հասնին յատկապէս Հալէպ քաղաքէն, ուր գրանցուած են աւելի քան 250 զոհեր: Զոհերու մեծաթիւ ըլլալը պայմանաւորուած է տարբեր շրջաններուն մէջ շէնքերու փլուզումներով։

Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան։

 

Ֆրանսան կ'աջակցի հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու վերսկսման հնարաւորութեան. ԱԳՆ խօսնակ
Նախորդ նիւթը

Ֆրանսան կ’աջակցի հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու վերսկսման հնարաւորութեան. ԱԳՆ խօսնակ

Հայաստանը պէտք է «սեղմէ խաղաղութեան ձեռքը», որ մեկնած են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը. Թուրքիոյ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը պէտք է «սեղմէ խաղաղութեան ձեռքը», որ մեկնած են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը. Թուրքիոյ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր