Էրտողանի թիկնապահն ինքնասպան եղած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի թիկնապահն ինքնասպան եղած է՝ վիրաւորանքներու եւ սպառնալիքներու մասին գրութիւն թողելով: Այն յայտնաբերուած է մահացածի տան մէջ, կը հաղորդէ Cumhuriyet-ը: Անոր մարմինը յայտնաբերած են գործընկերները, որոնք տեսնելով որ վերջինս աշխատանքի չի գար եւ հեռախօսը անջատած է, անոր տուն գացած էիմ: «Դուք շատ լաւ գիտէք ինչպէս ձեր աշխատակիցները վիրաւորել, սպառնալ, հեռացնել, դուք կը ստորացնէք եւ ստախօս կը հանէք: Իւրաքանչիւր տղամարդ արժանապատուութիւն ունի, եւ ես այդ խօսքերը չհանդուրժեցի»,-գրած է Էրտողանի թիկնապահ Պուլութը իր թողած գրութեան մէջ:   Ան նաեւ գրած է, որ չուզեր, որ իր թաղման ներկայ ըլլայ իր ղեկավարութենէն ինչ-որ մէկը: Ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան  պատգամաւոր Մուրաթ Պաքանը ներքին
17 Մարտի 2021
3 ր. ընթերցում
Էրտողանի թիկնապահն ինքնասպան եղած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի թիկնապահն ինքնասպան եղած է՝ վիրաւորանքներու եւ սպառնալիքներու մասին գրութիւն թողելով: Այն յայտնաբերուած է մահացածի տան մէջ, կը հաղորդէ Cumhuriyet-ը:

Անոր մարմինը յայտնաբերած են գործընկերները, որոնք տեսնելով որ վերջինս աշխատանքի չի գար եւ հեռախօսը անջատած է, անոր տուն գացած էիմ:

«Դուք շատ լաւ գիտէք ինչպէս ձեր աշխատակիցները վիրաւորել, սպառնալ, հեռացնել, դուք կը ստորացնէք եւ ստախօս կը հանէք: Իւրաքանչիւր տղամարդ արժանապատուութիւն ունի, եւ ես այդ խօսքերը չհանդուրժեցի»,-գրած է Էրտողանի թիկնապահ Պուլութը իր թողած գրութեան մէջ:  

Ան նաեւ գրած է, որ չուզեր, որ իր թաղման ներկայ ըլլայ իր ղեկավարութենէն ինչ-որ մէկը:

Ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան  պատգամաւոր Մուրաթ Պաքանը ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին հարցում ուղարկած է՝ պարզելու, թէ քանի ոստիկան ինքնասպան եղած է:

Անոր խօսքով՝ ոստիկաններու ինքնասպանութիւններու բոլոր պարագաներուն, որոնք հանրութեան յայտնի դարձած են, սպաները բողոքած են ղեկավարութեան կողմէ հետապնդումներէն:

Թուրքիոյ մէջ լրագրողը Twitter-ի գրառման համար 7 ամսուան ազատազրկման դատապարտուած է
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ մէջ լրագրողը Twitter-ի գրառման համար 7 ամսուան ազատազրկման դատապարտուած է

Պատերազմի ընթացքին հաւաքագրուած գումարները նպատակային օգտագործուած են. «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդ
Յաջորդ նիւթը

Պատերազմի ընթացքին հաւաքագրուած գումարները նպատակային օգտագործուած են. «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդ

ԱնցնիլՎեր