Էրտողանն ընդունած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Երկրորդը

Մամուլին համար փակ եղած հանդիպումով մը, Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ էրտողան ընդունած է Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը։ Այս մասին լուրը  տրուած է Էրտողանի «Թուիթըր»եան պաշտօնական էջը։ Նշենք, որ Սահակ եպս. Մաշալեանի Էրտողանի հետ երէկ տեղի ունեցած  հանդիպումը, առաջինն էր անոր Պատրիարք ընտրութենէն ասդին։ Պատրիարք  հօր, որպէս գաւազանակիր ընկերակացած է Պոլսոյ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ ծ.վրդ Անուշեանը։ Յիշեցնենք, որ Սահակ  եպս. Մաշալեան Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուած էր  անցնող դեկտեմբեր ամսուան 11-ին, մեծ  առաւելութիւն մը գրանցելով իր մրցակից Տ. Արամ արք. Աթէշեանին դէմ։
15 Հունվարի 2020
1 ր. ընթերցում
Էրտողանն ընդունած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Երկրորդը

Մամուլին համար փակ եղած հանդիպումով մը, Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ էրտողան ընդունած է Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը։

Այս մասին լուրը  տրուած է Էրտողանի «Թուիթըր»եան պաշտօնական էջը։

Նշենք, որ Սահակ եպս. Մաշալեանի Էրտողանի հետ երէկ տեղի ունեցած  հանդիպումը, առաջինն էր անոր Պատրիարք ընտրութենէն ասդին։

Պատրիարք  հօր, որպէս գաւազանակիր ընկերակացած է Պոլսոյ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ ծ.վրդ Անուշեանը։

Յիշեցնենք, որ Սահակ  եպս. Մաշալեան Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուած էր  անցնող դեկտեմբեր ամսուան 11-ին, մեծ  առաւելութիւն մը գրանցելով իր մրցակից Տ. Արամ արք. Աթէշեանին դէմ։

Վարչապետ Փաշինեան Քննչական կոմիտէի մօտ հարցաքննուեցաւ
Նախորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան Քննչական կոմիտէի մօտ հարցաքննուեցաւ

Էրտողանը Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդի հետ քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ քայլերը
Յաջորդ նիւթը

Էրտողանը Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդի հետ քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ քայլերը

ԱնցնիլՎեր