Էրտողան անէծքներ ուղղած է Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Անգարայի մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է, թէ կ’անիծէ Աւստրիոյ կառավարութիւնը եւ երկրի դաշնային վարչապետ Սեպասթիան Քուրցը, որ Իսրայէլի դրօշները բարձրացուցած է պետական շէնքերու վրայ: Այս մասին կը յայտնէ Gazeta.ru-ն: «Ես կ’անիծեմ Աւստրիոյ կառավարութիւնը, որ Իսրայէլի դրօշը կախած է վարչապետի վարչակազմի շէնքի վրայ: Ձեր պետութեան շէնքի վրայ ահաբեկչական պետութեան դրօշ բարձրացնելը կը նշանակէ ձեզ նոյնացնել ահաբեկչութեան հետ: Ըստ ամենայնի, Աւստրիան կը փորձէ իսլամներուն ստիպել վճարել իր կողմէ կատարուած հրեաներու ցեղասպանութեան համար»,- ըսած է Էրտողանը: Աւելի վաղ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Կուրցը Իսրայէլի դրօշը բարձրացուցած էր իր վարչակազմի շէնքի վրայ՝ յայտարարելով, որ «Իսրայէլի վրայ ահաբեկչութիւններն արժանի են ամենախիստ
18 Մայիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Էրտողան անէծքներ ուղղած է Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Անգարայի մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է, թէ կ’անիծէ Աւստրիոյ կառավարութիւնը եւ երկրի դաշնային վարչապետ Սեպասթիան Քուրցը, որ Իսրայէլի դրօշները բարձրացուցած է պետական շէնքերու վրայ: Այս մասին կը յայտնէ Gazeta.ru-ն:

«Ես կ’անիծեմ Աւստրիոյ կառավարութիւնը, որ Իսրայէլի դրօշը կախած է վարչապետի վարչակազմի շէնքի վրայ: Ձեր պետութեան շէնքի վրայ ահաբեկչական պետութեան դրօշ բարձրացնելը կը նշանակէ ձեզ նոյնացնել ահաբեկչութեան հետ: Ըստ ամենայնի, Աւստրիան կը փորձէ իսլամներուն ստիպել վճարել իր կողմէ կատարուած հրեաներու ցեղասպանութեան համար»,- ըսած է Էրտողանը:

Աւելի վաղ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Կուրցը Իսրայէլի դրօշը բարձրացուցած էր իր վարչակազմի շէնքի վրայ՝ յայտարարելով, որ «Իսրայէլի վրայ ահաբեկչութիւններն արժանի են ամենախիստ դատապարտման»:

Ուաշինկթընը Պաքուէն պիտի պահանջէ դուրս բերել իր ուժերը ՀՀ տարածքէն. ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը՝ Փաշինեանին
Նախորդ նիւթը

Ուաշինկթընը Պաքուէն պիտի պահանջէ դուրս բերել իր ուժերը ՀՀ տարածքէն. ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը՝ Փաշինեանին

Պատերազմէն ետք գտնուած ոչ բոլոր աճիւնները կարելի եղած է նոյնականացնել
Յաջորդ նիւթը

Պատերազմէն ետք գտնուած ոչ բոլոր աճիւնները կարելի եղած է նոյնականացնել

ԱնցնիլՎեր