Ուաշինկթընը Պաքուէն պիտի պահանջէ դուրս բերել իր ուժերը ՀՀ տարածքէն. ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը՝ Փաշինեանին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ նախագահի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ըրած յայտարարութեան կապակցութեամբ՝ նշելով անոր առանցքային նշանակութիւնը: Զրուցակիցներն անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին։ Ըստ աղբիւրի՝ ամերիկեան կողմը անընդունելի եւ սադրիչ համարած է Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ուժերու իրականացուցած գործողութիւնները եւ տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ դիրքորոշումը պիտի ներկայացուի նաեւ ատրպէյճանական ղեկավարութեան՝ պահանջելով դուրս բերել իրենց ուժերը ՀՀ տարածքէն: Խորհրդական Սալիվանը բարձր գնահատած է տուեալ իրավիճակին մէջ հայկական կողմի ցուցաբերած
18 Մայիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Ուաշինկթընը Պաքուէն պիտի պահանջէ դուրս բերել իր ուժերը ՀՀ տարածքէն. ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը՝ Փաշինեանին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ նախագահի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ըրած յայտարարութեան կապակցութեամբ՝ նշելով անոր առանցքային նշանակութիւնը:

Զրուցակիցներն անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին։

Ըստ աղբիւրի՝ ամերիկեան կողմը անընդունելի եւ սադրիչ համարած է Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ուժերու իրականացուցած գործողութիւնները եւ տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ դիրքորոշումը պիտի ներկայացուի նաեւ ատրպէյճանական ղեկավարութեան՝ պահանջելով դուրս բերել իրենց ուժերը ՀՀ տարածքէն:

Խորհրդական Սալիվանը բարձր գնահատած է տուեալ իրավիճակին մէջ հայկական կողմի ցուցաբերած զսպուածութիւնը եւ հարցերը ոչ թէ ռազմական, այլ դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու քայլերը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն նաեւ յայտնած են, որ ամերիկեան կողմը իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու առնչութեամբ եւ ընդգծած անոնց վերադարձի ապահովման կարեւորութիւնը։

ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը բարձր գնահատած է ժողովրդավարութեան ամրապնդման հարցով Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը եւ հաւաստիացուցած, որ ԱՄՆ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին ժողովրդավարական օրակարգի առաջմղման հարցով:

Հայ-ատրպէյճանեան սահմանին լարուածութիւնը նկատելի է. Փաշինեան փակագծեր բացաւ
Նախորդ նիւթը

Հայ-ատրպէյճանեան սահմանին լարուածութիւնը նկատելի է. Փաշինեան փակագծեր բացաւ

Էրտողան անէծքներ ուղղած է Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին
Յաջորդ նիւթը

Էրտողան անէծքներ ուղղած է Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին

ԱնցնիլՎեր