Էրտողան կը մեղադրուի կրակի կառավարումը տապալելու մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը քիւրտերուն կապած է երկրին մէջ մոլեգնող անտառային հրդեհներու հետ: Ան յայտարարած է, որ հրդեհներու գործով ձերբակալուածներու շարքին կան մարդիկ, որոնք կ’առնչուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ, յայտնած է Ahval-ը: Անոր խօսքով՝ ոստիկանութիւնը, հետախուզական ծառայութիւնները կը շարունակեն իրենց հետաքննութիւնները, եւ «անհրաժեշտ ամէն ինչ կը կատարուի»: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մեղադրած է անտառային հրդեհներու դէմ բաւարար միջոցներ չձեռնարկելու մէջ: Կառավարութեան պարտքն է «հոգ տանիլ այս բոլոր անտառներու մասին, վերականգնել անտառները եւ առաջին հերթին մարել հրդեհները»,- ըսած է Էրտողան: «Միաժամանակ, բնակելի տարածքներուն մէջ հրդեհներու պատասխանատուութիւնը քաղաքապետարաններու վրայ է»: Անթալիոյ, Մուղլայի, Իզմիրի եւ Այտինի քաղաքապետարանները, որոնց կը ղեկավարեն հիմնական
6 Օգոստոսի 2021
5 ր. ընթերցում
Էրտողան կը մեղադրուի կրակի կառավարումը տապալելու մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը քիւրտերուն կապած է երկրին մէջ մոլեգնող անտառային հրդեհներու հետ: Ան յայտարարած է, որ հրդեհներու գործով ձերբակալուածներու շարքին կան մարդիկ, որոնք կ’առնչուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ, յայտնած է Ahval-ը:

Անոր խօսքով՝ ոստիկանութիւնը, հետախուզական ծառայութիւնները կը շարունակեն իրենց հետաքննութիւնները, եւ «անհրաժեշտ ամէն ինչ կը կատարուի»: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մեղադրած է անտառային հրդեհներու դէմ բաւարար միջոցներ չձեռնարկելու մէջ:

Կառավարութեան պարտքն է «հոգ տանիլ այս բոլոր անտառներու մասին, վերականգնել անտառները եւ առաջին հերթին մարել հրդեհները»,- ըսած է Էրտողան: «Միաժամանակ, բնակելի տարածքներուն մէջ հրդեհներու պատասխանատուութիւնը քաղաքապետարաններու վրայ է»:

Անթալիոյ, Մուղլայի, Իզմիրի եւ Այտինի քաղաքապետարանները, որոնց կը ղեկավարեն հիմնական ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան քաղաքապետները, «կը կրեն առաջին աստիճանի պատասխանատուութիւն»,- շարունակած է ան:

Կառավարութիւնը քննադատութեան ենթարկուած է անտառային հրդեհներուն ուշացած եւ անբաւարար արձագանգի համար: Քննադատները Էրտողանի գրասենեակը կը մեղադրեն շահարկումներու մէջ: Թուրքիոյ օդանաւային կոմիտէն (THK) միջոցներ չէ ստացած հրդեհաշիջման օդանաւերու իր նաւատորմի պահպանման համար, եւ ներկայիս քանի մը օդանաւեր կը մնան իրենց տեղը, քանի որ պատրաստ չեն թռիչքի:

Ընկերային ցանցերու մէջ թուրք օգտատէրերու շրջանին արշաւ սկսած է, որ կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան օգնութիւն ուղարկելու Թուրքիա՝ օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու տեսքով, որոնք կ’օգնեն պայքարելու հրդեհներու դէմ: 

Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը ԱՄՆ քոնկրէսական Մայքըլ Սթիլի հետ քննարկում ունեցած է
Նախորդ նիւթը

Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը ԱՄՆ քոնկրէսական Մայքըլ Սթիլի հետ քննարկում ունեցած է

«Տաթեւեր» ճոպանուղիէն տարհանում եղած է
Յաջորդ նիւթը

«Տաթեւեր» ճոպանուղիէն տարհանում եղած է

ԱնցնիլՎեր