Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Արմէն Բայբուրդեանը օգոստոս 4-ին հեռավար հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ քոնկրէսական Մայքըլ Սթիլի հետ, որ կը ներկայացնէ հարաւային Քալիֆորնիոյ Օրանճ մարզի ափամերձ շրջանով երկարող 48-րդ քոնկրէսական ընտրաշրջանը։
Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւնը կը տեղեկացնէ, որ դեսպան Բայբուրդեանը շնորհաւորած է քոնկրէսական Սթիլը՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ընտրուելու եւ քոնկրէսական հայկական խումբին միանալու առիթով։ Ան բարձր գնահատած է Մայքըլ Սթիլի շարունակական աջակցութիւնը՝ հայկական խնդիրներուն: Նոյնիսկ իր նախորդ կարգավիճակով, երբ ան Օրանճ մարզի կառավարիչ եւ կառավարիչներու խորհուրդի նախագահ էր, Մայքըլ Սթիլի նախաձեռնութեամբ՝ 2015 թուականէն սկսեալ միաձայն ընդունուած են ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակող բանաձեւեր։
Դեսպան Բայբուրդեանը քոնկրէսական Սթիլին տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ինքնիշխանութեան նկատմամբ Ատրպէճանի ոտնձգութիւններուն մասին։ ՀՀ սահմաններուն վրայ մարդկային զոհերով աւարտող Ատրպէճանի շարունակական ռազմական սադրանքները, ինչպէս նաեւ Ատրպէճանի մէջ անօրինական կերպով պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ առեւանգուած քաղաքացիական անձերու ազատ արձակելէ հրաժարումը կը հանդիսանան միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում։ Ան կարեւորեց այս վայրագ գործողութիւնները դատապարտելու եւ մարդկութեան խաղաղ գոյակցութեան հիմնարար կանոնները պահպանելու ծառացած անհրաժեշտութիւնը։
Քոնկրէսական Սթիլը նշեց, որ հայկական խնդիրներուն իր աջակցութեան յանձնառութիւնը մնայուն է։ Զրուցակիցները քննարկեցին համագործակցութեան ու հետագայ հանդիպումներ կազմակերպելու շուրջ հարցեր: