Էրտողան հաստատած է Ատրպէյճանի հետ պաշտպանական համագործակցութեան համաձայնագիրը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հաստատած է Ատրպէյճանի հետ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին միջկառավարական համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքը: Թուրքիոյ ղեկավարի համապատասխան հրամանը հրապարակուած է Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական Resmi gazete տեղեկագրին մէջ: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ համագործակցութեան զարգացում պաշտպանական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, արտադրութեան, մատակարարման, սպասարկման եւ յարակից արհեստագիտական եւ նիւթա-տեխնիկական ապահովման ոլորտին մէջ: Պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ 2 երկիրներու կառավարութիւններու համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է 2017 թուականի 31 հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի 6-րդ նիստի արդիւնքներով:
6 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Էրտողան հաստատած է Ատրպէյճանի հետ պաշտպանական համագործակցութեան համաձայնագիրը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հաստատած է Ատրպէյճանի հետ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին միջկառավարական համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքը: Թուրքիոյ ղեկավարի համապատասխան հրամանը հրապարակուած է Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական Resmi gazete տեղեկագրին մէջ:

Համաձայնագիրը կը նախատեսէ համագործակցութեան զարգացում պաշտպանական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, արտադրութեան, մատակարարման, սպասարկման եւ յարակից արհեստագիտական եւ նիւթա-տեխնիկական ապահովման ոլորտին մէջ:

Պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ 2 երկիրներու կառավարութիւններու համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է 2017 թուականի 31 հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի 6-րդ նիստի արդիւնքներով:

Սելահատին Տեմիրթաշը կոչ ըրած է ընդդիմութեան միաւորուելու ընդդէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու
Նախորդ նիւթը

Սելահատին Տեմիրթաշը կոչ ըրած է ընդդիմութեան միաւորուելու ընդդէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու

Սուրէն Գրիգորեանը նշանակուած է Արդարադատութեան փոխնախարար
Յաջորդ նիւթը

Սուրէն Գրիգորեանը նշանակուած է Արդարադատութեան փոխնախարար

ԱնցնիլՎեր