Էրտողան Պայտընի հետ կը քննարկէ Ղարաբաղի հարցը

«Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի հետ կը քննարկէ Ղարաբաղի հարցը», հաղորդած է ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Իպրահիմ Քալընի՝ թրքական «Միլիյէթ» թերթին տուած հարցազրոյցը։ Քալընը թուարկած է այն հարցերը, որոնք կը նախատեսուին քննարկել երկու երկիրներու նախագահներու երկկողմանի հանդիպման՝ G-20-ի առաջնորդներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմ՝ Հոկտեմբեր 30-էն 31-ը։ «Մենք լայն կապեր ունինք Միացեալ Նահանգներուն հետ: Ղեկավարները կը քննարկեն օրակարգի հիմնական հարցերը՝ քաղաքական, տնտեսական, ուժաբանութեան, առեւտրային, պաշտպանական, արդիւնաբերութեան, անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ: Կը քննարկուին նաեւ Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Կովկասեան տարածաշրջանի եւ Ղարաբաղի, Լիպիոյ, Միջերկրականի ինչպէս նաեւ
15 Հոկտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Էրտողան Պայտընի հետ կը քննարկէ Ղարաբաղի հարցը

«Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի հետ կը քննարկէ Ղարաբաղի հարցը», հաղորդած է ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Իպրահիմ Քալընի՝ թրքական «Միլիյէթ» թերթին տուած հարցազրոյցը։

Քալընը թուարկած է այն հարցերը, որոնք կը նախատեսուին քննարկել երկու երկիրներու նախագահներու երկկողմանի հանդիպման՝ G-20-ի առաջնորդներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմ՝ Հոկտեմբեր 30-էն 31-ը։

«Մենք լայն կապեր ունինք Միացեալ Նահանգներուն հետ: Ղեկավարները կը քննարկեն օրակարգի հիմնական հարցերը՝ քաղաքական, տնտեսական, ուժաբանութեան, առեւտրային, պաշտպանական, արդիւնաբերութեան, անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ: Կը քննարկուին նաեւ Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Կովկասեան տարածաշրջանի եւ Ղարաբաղի, Լիպիոյ, Միջերկրականի ինչպէս նաեւ այլ համաշխարհային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր», – ըսած է Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Գառզուի եւ Ժանսեմի գործերը Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուին մէկ հարթակի վրայ
Նախորդ նիւթը

Գառզուի եւ Ժանսեմի գործերը Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուին մէկ հարթակի վրայ

Քաղաքական շահերը կը խանգարեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն համաձայնութեան հասնիլ. Քիրիլ Պատրիարք
Յաջորդ նիւթը

Քաղաքական շահերը կը խանգարեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն համաձայնութեան հասնիլ. Քիրիլ Պատրիարք

ԱնցնիլՎեր