Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է աւելի քան 40 հազար արցախցի. ՌԴ ՊՆ

Ռուսական խաղաղապահ ուժերու ջանքերով` 16 դեկտեմբերի դրութեամբ` ապահովուած է աւելի քան 40 հազար արցախցիի անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը: «16 Դեկտեմբերի դրութեամբ` ապահովուած է աւելի քան 40 հազար արցախցիի անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ: Մարդասիրական ականազերծման կեդրոնի ռուս մասնագէտները ականազերծած են 195 հա տարածք եւ 60 քմ ճանապարհ: Յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած է աւելի քան 6 հազար պայթունավտանգ առարկայ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան բժիշկները Ստեփանակերտի դաշտային հիւանդանոցին մէջ օգնութիւն ցոյց տուած են 29 բնակիչի, այդ շարքին` 4 երեխայի: Մարտակերտ քաղաքին մէջ եւս աւարտած է երկրորդ ռազմական հիւանդանոցի բացումը: Այնտեղ
17 Դեկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է աւելի քան 40 հազար արցախցի. ՌԴ ՊՆ

Ռուսական խաղաղապահ ուժերու ջանքերով` 16 դեկտեմբերի դրութեամբ` ապահովուած է աւելի քան 40 հազար արցախցիի անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:

«16 Դեկտեմբերի դրութեամբ` ապահովուած է աւելի քան 40 հազար արցախցիի անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ: Մարդասիրական ականազերծման կեդրոնի ռուս մասնագէտները ականազերծած են 195 հա տարածք եւ 60 քմ ճանապարհ: Յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած է աւելի քան 6 հազար պայթունավտանգ առարկայ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան բժիշկները Ստեփանակերտի դաշտային հիւանդանոցին մէջ օգնութիւն ցոյց տուած են 29 բնակիչի, այդ շարքին` 4 երեխայի: Մարտակերտ քաղաքին մէջ եւս աւարտած է երկրորդ ռազմական հիւանդանոցի բացումը: Այնտեղ բժշկական օգնութիւն ցոյց տրուած է ընդհանուր առմամբ 558 բնակիչի, այդ շարքին` 67 երեխայի:

«Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներու հետ համատեղ կը շարունակուի հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու միջեւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակումը, ինչպէս նաեւ անհետ կորածներու որոնումը»,- նշուած է ՊՆ կայքին մէջ:

Խծաբերդ-Հին Թաղեր ուղղութեամբ դեռ կը շարունակէ անյայտ մնալ 73 մարդու ճակատագիր. ՊԲ
Նախորդ նիւթը

Խծաբերդ-Հին Թաղեր ուղղութեամբ դեռ կը շարունակէ անյայտ մնալ 73 մարդու ճակատագիր. ՊԲ

Ալիեւը դեռ չի գիտակցիր իր յաղթանակի հսկայական գինը` Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը․ The National Interest
Յաջորդ նիւթը

Ալիեւը դեռ չի գիտակցիր իր յաղթանակի հսկայական գինը` Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը․ The National Interest

ԱնցնիլՎեր