Ըստ Եւրոպացի գործիչին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար «Պատմական առիթ» կայ

Եւրոմիութիւնը կոչ կ’ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին օգտուելու «պատմական հնարաւորութենէն»` լուծելու տարաձայնութիւնները, եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: «Մենք կոչ կ’ընենք երկու երկիրներու ղեկավարներուն օգտագործելու պատմական հնարաւորութիւնը այս հակամարտութիւնը վերջնականապէս լուծելու եւ բովանդակալից երկխօսութեան վերադառնալու համար», ըսած է Հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Օլիվըր Վարհէին Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին Պաքուի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ քննարկումներուն ժամանակ: «Շատ կարեւոր հարցեր կը պահանջեն հրատապ լուծում», ընդգծած է յանձնակատարը: Վարհէին լիակատար աջակցութիւն յայտնած է Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան խաղաղ գործընթացին առնչուող բոլոր հարցերուն շուրջ` ներառեալ ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ սահմանազատումը: Եւրոյանձնակատարի խօսքով` Եւրոմիութիւնը
17 Մարտի 2023
4 ր. ընթերցում
Ըստ Եւրոպացի գործիչին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար «Պատմական առիթ» կայ

Եւրոմիութիւնը կոչ կ’ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին օգտուելու «պատմական հնարաւորութենէն»` լուծելու տարաձայնութիւնները, եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:

«Մենք կոչ կ’ընենք երկու երկիրներու ղեկավարներուն օգտագործելու պատմական հնարաւորութիւնը այս հակամարտութիւնը վերջնականապէս լուծելու եւ բովանդակալից երկխօսութեան վերադառնալու համար», ըսած է Հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Օլիվըր Վարհէին Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին Պաքուի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ քննարկումներուն ժամանակ:

«Շատ կարեւոր հարցեր կը պահանջեն հրատապ լուծում», ընդգծած է յանձնակատարը:

Վարհէին լիակատար աջակցութիւն յայտնած է Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան խաղաղ գործընթացին առնչուող բոլոր հարցերուն շուրջ` ներառեալ ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ սահմանազատումը:

Եւրոյանձնակատարի խօսքով` Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ առաքելութիւն տեղակայած է (EUMA) «լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ խաղաղ գործընթացին աջակցելու համար»:

«Սա կարեւոր քայլ է կայունութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանին մէջ Եւրոմիութեան դերի ամրապնդման համար», ըսած է Վարհէին:

Իրան-Սէուտական Արաբիա մերձեցումը կը փոփոխէ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը. Քիսինճըր
Նախորդ նիւթը

Իրան-Սէուտական Արաբիա մերձեցումը կը փոփոխէ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը. Քիսինճըր

ԼՂ հայութեան նկատմամբ հնչող վիրաւորական բառապաշարը ի ցոյց կը դնէ էթնիկ զտումներ իրականացնելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը. ՀՀ ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

ԼՂ հայութեան նկատմամբ հնչող վիրաւորական բառապաշարը ի ցոյց կը դնէ էթնիկ զտումներ իրականացնելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը. ՀՀ ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր