Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը դադրեցուցած է դիւանագիտական առաքելութիւնը

Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան տարհանուած աշխատակիցներով օդանաւը վայրէջք կատարած է Պաքուի մէջ, յայտնած են տեղական լրատուամիջոցները։ Պաքուն «անհեթեթ» անուանած է իրանեան կողմի յայտարարութիւնը, թէ Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած միջադէպը տեղի ունեցած է ընտանեկան եւ կենցաղային հողի վրայ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը լրագրողներուն ըսած է, որ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիւանագիտական ​​գործունէութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցուած է։ Ան նշած է, որ դեսպանատան անձնակազմը տարհանելու որոշումը կայացուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ «Անվտանգութեան հարցով մենք ոչ յոյս ունինք, ոչ վստահութիւն իրանեան կողմի նկատմամբ», -ըսած է ան։  Անոր խօսքով՝ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան գործունէութիւնը դադրեցնելու որոշումը չի վերաբերիր Թաւրիզի մէջ
30 Հունվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը դադրեցուցած է դիւանագիտական առաքելութիւնը

Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան տարհանուած աշխատակիցներով օդանաւը վայրէջք կատարած է Պաքուի մէջ, յայտնած են տեղական լրատուամիջոցները։

Պաքուն «անհեթեթ» անուանած է իրանեան կողմի յայտարարութիւնը, թէ Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած միջադէպը տեղի ունեցած է ընտանեկան եւ կենցաղային հողի վրայ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը լրագրողներուն ըսած է, որ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիւանագիտական ​​գործունէութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցուած է։

Ան նշած է, որ դեսպանատան անձնակազմը տարհանելու որոշումը կայացուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ «Անվտանգութեան հարցով մենք ոչ յոյս ունինք, ոչ վստահութիւն իրանեան կողմի նկատմամբ», -ըսած է ան։  Անոր խօսքով՝ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան գործունէութիւնը դադրեցնելու որոշումը չի վերաբերիր Թաւրիզի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքին։

ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայողը հրազէնային վիրաւորում ստացած է. վիճակը ծանր է
Նախորդ նիւթը

ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայողը հրազէնային վիրաւորում ստացած է. վիճակը ծանր է

ԱՄՆ առնչութիւն չունի Իրանի դեմ հարուածներու հետ. Փենթակոն
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ առնչութիւն չունի Իրանի դեմ հարուածներու հետ. Փենթակոն

ԱնցնիլՎեր