Թեհրանի մէջ օդանաւի մեծ արկած. Բոլոր ուղեւորները զոհուած են

Այսօր Թեհրանի մէջ ուքրանական ուղեւորատար օդանաւ վթարի ենթարկուած է՝ 176 ուղեւորներով եւ անձնակազմի անդամներով: ԶԼՄ-ները կը հաղորդեն, որ Ուքրանական միջազգային օդանաւային ընկերութեան «Պոինկ-737»-ը վթարի ենթարկուած է Իմամ Խոմեյնիի անուան օդակայանէն թռիչքէն ետք, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ թեքնիք խնդիրներու պատճառով։  Ըստ BBC-ի, պարզ չէ, թէ արդեօք միջադէպը կապ ունի՞ Իրան-ԱՄՆ լարուածութեան հետ:  Յղում կատարելով իրանական ԶԼՄ-ներուն՝ Ռոյթըրզ գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր Իրանի մէջ կործանուած ուքրանական ուղեւորատար օդանաւի բոլոր ուղեւորները զոհուած են: Օդանաւին մէջ եղած են 176 ուղեւորներ, որոնք Թեհրանէն կ’ուղեւորուէին Քիեւ:  Իրանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտնած է, որ օդանաւային վթարէն ողջ մնացած մարդոց գտնելու յոյս չկայ, քանի որ օդանաւի բոլոր բեկորները
8 Հունվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Թեհրանի մէջ օդանաւի մեծ արկած. Բոլոր ուղեւորները զոհուած են

Այսօր Թեհրանի մէջ ուքրանական ուղեւորատար օդանաւ վթարի ենթարկուած է՝ 176 ուղեւորներով եւ անձնակազմի անդամներով: ԶԼՄ-ները կը հաղորդեն, որ Ուքրանական միջազգային օդանաւային ընկերութեան «Պոինկ-737»-ը վթարի ենթարկուած է Իմամ Խոմեյնիի անուան օդակայանէն թռիչքէն ետք, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ թեքնիք խնդիրներու պատճառով։  Ըստ BBC-ի, պարզ չէ, թէ արդեօք միջադէպը կապ ունի՞ Իրան-ԱՄՆ լարուածութեան հետ: 

Յղում կատարելով իրանական ԶԼՄ-ներուն՝ Ռոյթըրզ գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր Իրանի մէջ կործանուած ուքրանական ուղեւորատար օդանաւի բոլոր ուղեւորները զոհուած են: Օդանաւին մէջ եղած են 176 ուղեւորներ, որոնք Թեհրանէն կ’ուղեւորուէին Քիեւ: 

Իրանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտնած է, որ օդանաւային վթարէն ողջ մնացած մարդոց գտնելու յոյս չկայ, քանի որ օդանաւի բոլոր բեկորները կ’այրին։ Փրկարարները հրդեհաշիջման աշխատանքներ կ’իրականացնեն։ 

«Մեզի համար Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները միաժամանակ բարեկամ երկիրներ են» Վարչապետ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

«Մեզի համար Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները միաժամանակ բարեկամ երկիրներ են» Վարչապետ Փաշինեան

Նախարար Մնացականեան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի մէջ գրանցուած արկածին առթիւ
Յաջորդ նիւթը

Նախարար Մնացականեան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի մէջ գրանցուած արկածին առթիւ

ԱնցնիլՎեր