Թենիսի Հայաստանի հաւաքականը Տեյվիսի գաւաթի խաղերուն յաղթած է Ատրպէյճանին

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ ընթացող Տեւիսի գաւաթի խաղարկութեան 4-րդ խումբի երկրորդ շրջանին Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը մրցած է ատրպէյճանցիներու հետ եւ յաղթած 2։1 հաշուով։ Առաջին մրցախաղին Սեդրակ Խաչատրեանը 6։3, 6։0 հաշուով  յաղթանակ տարած է Էլվին Հաշիմովի նկատմամբ: Երկրորդ մրցախաղին Միքայէլ Աւետիսեանը 5:7, 4:6 հաշուով պարտուած է Թամերլան Ազիզովին: Զուգախաղին Սեդրակ Խաչատրեանն ու Հենրիկ Նիկողոսեանը մրցած են Թամերլան Ազիզովի եւ Էլվին Հաշիմովի հետ։ Հայաստանի զոյգը յաղթանակ տարած է 6։4, 1։6, 6։1 հաշուով։ Առաջին շրջանին Հայաստանի հաւաքականը 2:1 հաշուով յաղթած էր Ալպանիոյ խումբին: Ա խումբին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Չեռնոկորիայի հաւաքականը, որ նախորդ 2 խաղերուն յաղթած է Ատրպէյճանին ու Ալպանիային: Մրցաշարը պիտի
26 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Թենիսի Հայաստանի հաւաքականը Տեյվիսի գաւաթի խաղերուն յաղթած է Ատրպէյճանին

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ ընթացող Տեւիսի գաւաթի խաղարկութեան 4-րդ խումբի երկրորդ շրջանին Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը մրցած է ատրպէյճանցիներու հետ եւ յաղթած 2։1 հաշուով։

Առաջին մրցախաղին Սեդրակ Խաչատրեանը 6։3, 6։0 հաշուով  յաղթանակ տարած է Էլվին Հաշիմովի նկատմամբ: Երկրորդ մրցախաղին Միքայէլ Աւետիսեանը 5:7, 4:6 հաշուով պարտուած է Թամերլան Ազիզովին: Զուգախաղին Սեդրակ Խաչատրեանն ու Հենրիկ Նիկողոսեանը մրցած են Թամերլան Ազիզովի եւ Էլվին Հաշիմովի հետ։ Հայաստանի զոյգը յաղթանակ տարած է 6։4, 1։6, 6։1 հաշուով։

Առաջին շրջանին Հայաստանի հաւաքականը 2:1 հաշուով յաղթած էր Ալպանիոյ խումբին: Ա խումբին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Չեռնոկորիայի հաւաքականը, որ նախորդ 2 խաղերուն յաղթած է Ատրպէյճանին ու Ալպանիային: Մրցաշարը պիտի աւարտի 26 Յունիսին:

Երկարաձգուած է «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը
Նախորդ նիւթը

Երկարաձգուած է «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը

Նորակոչիկները կը մեկնին ծառայութեան (լուսանկարներ)
Յաջորդ նիւթը

Նորակոչիկները կը մեկնին ծառայութեան (լուսանկարներ)

ԱնցնիլՎեր